ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Տեղակալը Հանդիպեցաւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակի Ներկայացուցիչներուն

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան եւ նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան դեկտեմբեր 2-ին հանդիպեցան ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն` ՄԱԿ-ի ՓՀԳ գերագոյն յանձնակատարի գործողութիւններու հարցերով տեղակալ Ճորճ Օկոթ Օբբոյի գլխաւորութեամբ: Վերջինս Հայաստան  ժամանած է տարածաշրջանային ճանաչողական այցի ծիրէն ներս:

Հադիպման ընթացքին Սերժ Սրապիոնեան ողջունած է Հայաստան կատարած արդէն երկրորդ այցի կապակցութեամբ եւ մաղթած յաջող աշխատանք:

Կողմերը քննարկած են սուրիական պատերազմի ընթացքին Հայաստան եկած սուրիահայերու ընդելուզման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կատարած աշխատանքները: Օբբոյի ղեկավարած պատուիրակութեան  ներկայացուած են այն բոլոր ձեռնարկներն ու կատարած աշխատանքները, որ եղած են սուրիահայերուն օգնելու անոնց` հայաստանեան իրականութեան ընդելուզելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ նախատեսուող քայլերը: Սերժ Սրապիոնեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ. «Սիրիահայերը այստեղ չեն ընկալուել  զուտ  որպէս  փախստականներ, քանիոր մենք, դժբախտաբար, մեր հայրենակիցներին ընդունելու 100-ամեայ փորձ ունենք: Եթէ ոչ սոցիալական խնդիրները լուծելու հնարաւորութիւն, ապա գոնէ հոգեբանական պատրաստուածութիւն ունենք մեր հայրենակիցներին ընդունելու: Եւպէտք է փաստել, որ այդ ընթացքում մարդկանց նման լուրջ քանակ ընդունելու դէպքում ոչ միայն կենցաղային, այլ նաեւ հոգեբանական խնդիրներ առաջանում են»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան տեղեկացուց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը աւարտական փուլին  հասցուցած է Սուրիահայերու ընդելուզման ռազմավարութիւնը եւ ուղարկած է շահագրգիռ կողմերուն` եզրակացութիւններ ստանալու համար:

Ճորճ Օկոթ Օբբոն շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան ու կատարուած աշխատանքը մանրամասն ներկայացնելու համար եւ յայտնեց, որ իրենց գրասենեակն ալ ստացած է փաստաթուղթի նախնական տարբերակը, եւ խնդրեց, նաեւ, որ աւարտական տեսքի բերուելէ յետոյ կրկին իրենց տրամադրեն` համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու համար:

 

Scroll Up