Վատիկանը Յատուկ Նամականիշ Թողարկած է Հռոմի Պապի Նկարով` Թիկունքին Ծիծեռնակաբերդը

Կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի 2016 թուականի այցերուն նուիրուած՝ լոյս տեսած են յատուկ փոստային նամականիշեր:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ նամականիշերու շարքին յատուկ տեղ ունի Հայաստան կատարած պատմական այցին վերաբերեալ թողարկուած նմուշը: Նամականիշին վրայ պատկերուած է Ֆրանչիսկոս պապը, իսկ անոր թիկունքին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը:

Վատիկանի պաշտօնական կայքը նշած է, որ նամականիշին հեղինակը Դանիէլա Լոնկոն է, որ պատկերած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հռոմի պապի աղօթքի պահը:

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապ 2016 Յունիս 25-ին այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու գիրքին մէջ՝ Սրբազան Քահանայապետը գրած էր. «Այստեղ կ՝աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ գիտնայ չարութեան բարութեամբ յաղթել: Թող Աստուած պարգեւէ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ո՛չ պղտորել, ո՛չ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան ժամանած էր Յունիս 24-26` «Այց առաջին քրիստոնէական երկիր» խորագիրով:

Scroll Up