Մարտուիի Շրջանին Մէջ Մեկնարկած է «Գիտելիքը Ուժ է» Ամառնային Դպրոց-Ճամբարը

Այսօրունէ երկու շաբաթ տեւողութեամբ Արցախի Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղին մէջ կը գործէ «Գիտելիքը ուժ է» ամառնային դպրոց-ճամբարը, որ համանուն կրթական նախաձեռնութեան մէկ մասն է:

«Գիտելիքը ուժ է» կրթական նախաձեռնութեան տեղեկութիւններով՝ ամառնային  դպրոցին կը մասնակցի Մարտունի քաղաքի, Գիշիի եւ յարակից գիւղերու 10-15 տարեկան 125 աշակերտ:  Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայաստանի ու Արցախի կրթութեան ոլորտի խումբ մը մասնագէտներու:

«Ուրախ ենք, որ Մարտունիի շրջանի շարք մը համայնքներու դպրոցականներուն համար ամրան ընթացքին ժամանցն ու կրթութիւնը համատեղելու նման հնարաւորութիւն կը ստեղծուի: Ներգրաւուած են  բարձրորակ մասնագէտներ եւ վստահ ենք, որ  այս ամառնային դպրոցը լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ կրթական մակարդակի բարձրացման ու մասնագիտական կողմնորոշման առումով»,- ըսած է Մարտունիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կարէն Թովմասեանը:

Ամառնային դպրոցին  համար պատրաստուած է յատուկ  ուսումնաժամանցային ծրագիր, որուն հիմնական նպատակն է  զարգացնել  երեխաներու հետազօտական, ստեղծագործական  համագործակցութեան հմտութիւնները`  ժամանցային եւ կրթական  բաղադրիչներու միջոցով: Կրթական  մասը կառուցուած  է STEM (Science, Technology, Engineerig, Math) կրթութեան մօտեցումներու հիման վրայ: Ժամանակակից կրթական ճարտարագիտութիւններու եւ մեթոտներու կիրառումով եւ հետազօտական, հետաքրքրաշարժ ու զուարճալի առաջադրանքներու միջոցով՝ պիտի ամրապնդուին եւ խորացուին մասնակիցներուն գիտելիքները` բնագիտութեան, մաթեմաթիքայի, ճարտարագիտութեան եւ արուեստի ու պատմութեան բնագաւառներուն մէջ: Մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ հայ ժողովուրդի  պատմութեան ու հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ուսուցանման:

«Ամառնային դպրոցի կազմակերպման գաղափարը իրականութեան մէջ եկած է Գիշիի գիւղի փոքրիկներէն մէկէն: Մենք ալ` հայաստանցի եւ արցախցի խումբ մը մասնագէտներով՝ որոշեցինք կեանքի կոչել զայն եւ նախաձեռնել այնպիսի ճամբար մը, որ իսկապէս օգտակար ըլլայ երեխաներուն համար` ապահովելով թէ՛ անոնց ժամանցը, թէ՛ անհրաժեշտ ու օգտակար գիտելիքներու փոխանցումը: Ծրագիրը մշակուած է ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներու կողմէ, երեխաներու հետ կ’աշխատին Հայաստանէն եւ Արցախէն հրաւիրուած լաւագոյն մանկավարժներ, որոնք իրենց փորձով կը կիսուին նաեւ տեղի ուսուցիչներու հետ»,- ըսած է նախաձեռնութեան հեղինակ Անոյշ Եդիգարեանը:

Scroll Up