Լոս Անճելըսի Քաղաքապետին Հրաւէրով՝ Շրջանի Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում

Ընդառաջելով Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի հրաւէրին՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, Յուլիս 20-ին ներկայ եղաւ շրջանի հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումին, որուն հրաւիրուած էին տարբեր կրօններու հոգեւոր առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Քաղաքապետին կողքին ներկայ էին Տէյվիտ Օ՛Քանըլ եպիսկոպոսն ու քաղաքապետարանի միջկրօնական բաժանմունքի վարիչները։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հրապարակուեցան բնակարանէ զուրկ քաղաքացիներուն համար քաղաքի տարածքին մնայուն բնակավայրեր ապահովելու՝ «Կարեկցութեան Օրեր» («Days of Compassion») ծրագիրին մանրամասնութիւնները։

Առաջնորդ սրբազանը գնահատանք եւ զօրակցութիւն արտայայտեց քաղաքապետութեան ծրագիրներուն։

Scroll Up