Հայկական Տաղաւարը Առաջին Տեղը Գրաւած Է Տիւմենի ՄԷջ Իրականացուած «Բարեկամութեան Կամուրջ» Փառատօնին

Յունիս 12-ը Ռուսաստանի օրն է: Այն պետական սիրուած տօն է, որ ողջ Ռուսաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ Տիւմենի մէջ` կը  նշուի մեծ խանդավառութեամբ: Աւանդոյթ  դարձած է այդ տօնը համատեղել   «Բարեկամութեան կամուրջ» ազգային մշակոյթ-փառատօնին հետ: Տարածաշրջանին մէջ կ´ապրին 150 էթնիկ ազգութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք հաշտ եւ խաղաղ կ´աշխատին ու                  կ´արարեն կողք-կողքի:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին  կը  յայտնէ Ռուզաննա Դանիէլեան, Տիւմենի մարզի 23-րդ ազգային մշակոյթի «Բարեկամութեան կամուրջ» փառատօնը բացաւ Տիւմենի նահանգապետ Վլատիմիր Վլատիմիրի Եակուշեւը: Քաղաքային այգին մարդաշատ էր, այստեղ տեղադրուած էին քսաներկու տաղաւար, ուր այցելեց նահանգապետը:

Հայկական տաղաւարը առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացաւ  բոլորին կողմէն: Այն շրջապատուած էր հոծ բազմութեամբ եւ կը  ներկայացնէր Աստուծոյ հրահանգով կառուցուած եւ Արարատ լերան գագաթին հանգրուանած «Նոյեան տապանը»: Աննկարագրելի գեղեցիկ էր հայկական լեռնաշխարհի  գեղեցկուհի  ծիրանենին` իր անուշահամ  ու կարմրաթուշ ծիրաններով` մարդկութեան փրկութեան խորհրդանիշ դարձած Արարատ լերան լանջին: Այստեղ հաւաքուած էին  տիւմենաբնակ հայերը` Տիւմենի մարզի «Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան խորհուրդի անդամները, մշակոյթի կեդրոնի սաները, ծնողներ, հիւրեր մօտակայ տարածաշրջաններէն, ինչպէս  նաեւ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ:

Բարձրաստիճան հիւրերուն մուտքին մօտ աղ ու հացով դիմաւորեց «Նոյն» իր ընտանիքով` կնոջ եւ որդիներուն հետ: Իսկ տաղաւարի ներսը  հայկական խոհանոցի բազմաթիւ ուտեստներ, ճաշատեսակներ եւ Արարատեան դաշտավայրի միրգեր  կը մատուցուէին հիւրերուն:

Տիւմենի մարզի մշակութա-լուսաւորչական «Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Համլէտ Փաշայեան Վլատիմիր Եակուշեւին  նուիրեց Յովհաննէս Այվազովսկիի «Նոյն իջնում է Արարատից» նկարի պատճէնը, որ նկարած էր մշակոյթի կեդրոնի նկարչութեան ուսուցիչ Ալուանտ Մուրատխանեան:

Նահանգապետին կը սպասուէր նաեւ այլ անակնկալ` հայկական երիտասարդական կազմակերպութեան անդամները (կոմիտէի նախագահ Ա. Խաչատրեան), փոխանցեցին սպիտակ աղաւնի: Նահանգապետն այն արձակեց  երկինք` որպէս բարութեան, խաղաղութեան եւ բարեկամութեան խորհրդանիշ:

Ան ողջունեց ներկաները,  շնորհաւորեց Ռուսաստանի օրուան առթիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար  եւ  նշեց, որ  հայկական համայնքը իր համեստ ներդրումն ունի Տիւմենի մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ: Հրաժեշտէն առաջ նահանգապետը մեծ սիրով դիտեց «Բերդ» պարը: Տաղաւարէն ան հեռացաւ մեծ  հիացմունքով եւ գոհունակութեամբ:

Տօնակատարութիւնը կը շարունակուէր, ամենուրէք բարձր տրամադրութիւն էր, հայկական երաժշտութիւն կը հնչէր եւ բարձր ծափահարութիւններու ներքոյ անընդմէջ ոգեւորուած կը պարէին «Հայաստան» եւ « Նաիրի» հայկական ժողովրդական պարախումբերը (շուրջ  90 հայ աղջիկներ եւ երիտասարդներ):

Օրուան աւարտին` մրցոյթի արդիւնքները ամփոփելէ ետք, պարզուեցաւ, որ ժիւրին բարձր գնահատած է  մեր հայկական տաղաւարը եւ պատուաւոր առաջին տեղը շնորհած  Տիւմենի մարզի «Հայաստան»  հայկական հասարակական կազմակերպութեան: Բոլորը բարձր խանդավառութեամբ կը շնորհաւորէին իրար:

Ամէնամեայ աւանդական դարձած այս փառատօնը  կը վկայէ այն մասին, թէ որքան բարի-դրացիական յարաբերութիւններով բազմազգ հասարակութիւն կ´ապրի Տիւմեն քաղաքին մէջ, եւ երիտասարդ սերունդները բազմազգ միջավայրին կը դաստիարակուին բարութեան, խաղաղասիրութեան ու հանդուրժողականութեան ոգով:

%d5%bf%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%a5%d5%b68%d5%bf%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%a5%d5%b6%d5%bf%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%a5%d5%b61%d5%bf%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%a5%d5%b62%d5%bf%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%a5%d5%b64 %d5%bf%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%a5%d5%b65 %d5%bf%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%a5%d5%b66

Scroll Up