ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Իրականացուեցաւ Խորհրդակցութիւն

Յունիս 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները զեկուցեցին նախարարութեան ծրագիրներուն մասնակցութեան յայտերու, իրականացուցած ձեռնարկներու, յառաջիկայ ընելիքներու մասին, ներկայացուցին նոր առաջարկներ:
Քննարկուեցան կազմակերպական եւ աշխատանքային այլ հարցեր: