Լիբանանցի գեղանկարիչներու գնահատանքի ձեռնարկ Հայաստանի դեսպանատան մէջ

Մենք քիչ ենք, այո՛, բայց կոչւում ենք հայ ¬

Գիտենք դեռ չանցած վէրքերից տնքալ,

Բայց նոր խնդութեամբ ցնծալ ու հրճուել,

Գիտենք թշնամու կողը մխրճուել

Ու բարեկամին դառնալ աջակից

Դուրս գալ մեզ արուած բարութեան տակից`

Մէկի փոխարէն տասն հատուցելով…

Պարոյր Սեւակ

Որքան ճշմարիտ են Մեծն Սեւակի խօսքերը եւ ամփոփումն են մեր ժողովուրդի մշակոյթին։ Մշակոյթ, որու կեդրոնն է մարդասիրութիւնը եւ բարեկամի յարգանքը ու բարիքին հատուցումը։

Այս խօսքերը յիշեցի, երբ ուզեցի նկարագրել Լիբանանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Պարոն Սամուէլ Մկրտչեանի գեղեցիկ գաղափարը պատուելու այն բոլոր լիբանանցի արուեստագէտները, որոնք իրենց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գործերը ցուցադրած էին Ժպէյլի մէջ տեղի ունեցած եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսին։

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի , 29  Մայիս 2017-ին, ժամը 6։30-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ։  Ներկայ էին Պարոն Մկրտչեանի կողքին, դեսպանատան Լիբանանի հայ համայնքի հետ աշխատանքներու կցորդ Պարոն Վլատիմիր Պողոսեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական Վարչութեան ատենապետ, Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան եւ պատւուող լիբանանցի գեղանկարիչներ։ Պարոն Մկրտչեան 25 գեղանկարիչներու յանձնեց գնահատանքի գիրեր։ Իսկ 7 գեղանկարիչներ իրենց գործերը նուիրեցին Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարանին։ Գնահատելի եւ օրինակելի ձեռնարկ մը հայ լիբանանեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար։ Այս է ձեւը լիբանանցիին ճանչցնելու համար Հայաստանը իր հատուցանելու տոհմիկ հայկական մշակոյթով։ Վարձքը կատար բոլորին։

Վ.Թոսունեան

«Հայերն այսօր»

1245 6789

 

Scroll Up