Իրանի «Ակունք» Կեդրոնի Սաները Նշեցին Համբարձման Տօնը

Շաբաթ, Մայիս 27-ին, Թեհրանի «Ակունք» կեդրոնի աշակերտ-աշակերտուհիները Համբարձման տօնը նշեցին Հ.Մ.Ա.Կ.-ի Ս. Խաչ մատուռի տարածքին: Այս մասին կը հաղորդէ Alikonline.ir-ը։

Օրուան սկիզբը՝ «Ակունք»-ի սաները ուսուցչուհիներու եւ ծնողներու ընկերակցութեամբ հաւաքուեցան Ս. Խաչ մատուռ:

Ծրագիրը յագեցած էր տարբեր զուարճանքներով, որոնցմէ էր նախաճաշը, հաւկթախաղը եւ աւանդական ճանկիւլիւմի վիճակախաղը: Բաժնի պատասխանատուները մանրակրկիտ պատրաստուած էին արշաւին: Անոնց կողմէն իրականացած հետաքրքրական մտայղացումներուն եւ նախաձեռնած ձեռնարկին իբրեւ արդիւնք՝ բնութեան գրկին մէջ հանգիստը դարձաւ զուարճալի:

Տօնախմբութեան մաս կը կազմէին երգեր, խաղեր ու մրցոյթներ, որոնք մեծ խանդավառութեան առիթ դարձան «Ակունք»-ի սաներուն համար: Անոնք վառ տպաւորութիւններով, անմիջական բնութիւնը վայելած զգացումներով վերադարձան տուն:

Scroll Up