Հալէպահայերու Մասնակցութիւնը Լեհաստանի Մէջ Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչումներուն

Լե­հաս­տա­նի հա­րա­ւա­րեւմտ­եան կող­մը գտ­նուող Վրոց­լաւ քա­ղա­քին մէջ, 24 Ապ­րիլ 2017-ին տե­ղի ու­նե­ցան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան102-ամ­եա­կի նուիր­ուած ձեռ­նարկ­ներ: Վրոց­լա­ւի գլ­խա­ւոր պո­ղո­տա­նե­րէն` Տո­մի­նի­քան վա­նա­կան մի­ա­բա­նու­թեան եկե­ղեց­ւոյ կից, հայ­կա­կան պու­րա­կին մէջ գտ­նուող եւ 21 Սեպ­տեմ­բեր 2012 թուա­կա­նէն կանգ­նած խաչ­քա­րին մօտ ոգե­կո­չում տե­ղի ու­նե­ցաւ Լե­հաս­տա­նի մէջ  ՀՀ Ար­տա­կարգ եւ Լի­ա­զօր դես­պան Էտ­կար Ղա­զար­եա­նի եւ աւե­լի քան հա­րիւր ներ­կա­նե­րու` պե­տա­կան եւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու, Վրոց­լա­ւի եւ մօ­տա­կայ շր­ջան­նե­րէ ժա­մա­նած հա­յոր­դի­նե­րու, ծա­գու­մով հա­յե­րու, հայ մշա­կոյ­թով հե­տաքրքր­ուած լեհ բա­րե­կամ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Տեղ­ւոյն հա­մեստ թիւով հա­յու­թիւնը ան­գամ մը եւս իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցեց 1915-ի մէ­կու­կէս միլի­ոն սր­բա­դաս­ուած հայ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին: Ոգե­կո­չու­մը սկ­սաւ Լե­հաս­տա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րով, խաչ­քա­րին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մո­մա­վա­ռու­թիւն, ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում, ապա աղօթք մա­տուց­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի հայ կա­թո­ղի­կէ եկե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յող, Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նած Հայր Ռա­ֆա­յէլ Վ. Քրավ­չի­կի կող­մէ, որ նոյն օրը Վրոց­լա­ւի մէջ նոյն­պէս հայ­կա­կան պա­տա­րագ մա­տու­ցեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու ան­մար յի­շա­տա­կին: Խաչ­քա­րի մօտ լե­հա­հա­յոց միու­թեան կող­մէ լե­հե­րէ­նով եւ հա­յե­րէ­նով օր­ուան խոր­հուր­դը ներ­կա­յաց­նող ըն­թեր­ցում­ներ կա­տար­ուե­ցան Ան­նա Քո­չար­եա­նի եւ Տի­ա­նա Յո­վա­կիմ­եա­նի կող­մէ:

Ոգե­կո­չու­մէն ետք, ներ­կա­նե­րը հրա­ւիր­ուե­ցան Տո­մի­նի­քան­նե­րու Մի­ա­բա­նու­թեան պատ­կա­նող սրահ, ուր տո­մի­նի­քան հայր Մա­րէք Միուավի­էց­քին լե­հե­րէ­նով ներ­կա­յա­ցուց լե­հա­կան մա­մու­լի անդ­րա­դարձն ու գրա­կա­նու­թեան ար­տա­ցո­լու­մը­ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան: Այդ դա­սա­խօ­սու­թե­նէն կա­րե­լի էր եզ­րա­կաց­նել, որ լե­հա­կան հա­սա­րա­կու­թիւնը ընդ­հան­րա­պէս եւ մա­մուլն ու գրա­կա­նու­թիւնը մաս­նա­ւո­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին­ դէմ 1915-ին իրա­գործ­ուած բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րու­ն ու արիւ­նա­լի պատ­մու­թեան մա­սին սա­կաւ ու շատ մա­կե­րե­սա­յին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նի կամ գրե­թէ ոչինչ գի­տէ, նկա­տի առ­նե­լով, որ լե­հա­կան խորհր­դա­րա­նը 19 Ապ­րիլ 2005-ին ճանչ­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Հոս պէտք է յի­շել, որ Լե­հաս­տա­նի մէջ այդ բա­ցը ձե­ւով մը կը փոր­ձէ գո­ցել Լե­հաս­տա­նի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ հա­լէ­պա­հայ դոկտ. Արա Սա­յեղ: Պարտք է յի­շել որ լե­հա­հայ հա­մայն­քին հա­մար 2017 թուա­կա­նը յո­բե­լինա­կան տա­րի է, լե­հա­հայ Սփիւռ­քի կազ­մա­ւոր­ման 650-ամ­եակն է, այս առի­թով Լեհաս­տա­նի հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու, անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ 29 Մարտ 2017-ին Լե­հաս­տա­նի նա­խա­գահ դոկտ. Անտ­ժէյ Տու­տա­յի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քի­ն Ա­րա Սա­յեղ­ նա­խա­գա­հին լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տուաւ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան այ­սօր­ուան դի­մա­կա­լած գո­յա­մար­տի մա­սին, 1915-ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան մա­սին եւ նա­խա­գա­հին նուի­րեց Ապ­րիլ 2015-ին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կին առի­թով Լե­հաս­տա­նի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին հրա­տա­րա­կած «Ար­դա­րա­ցի Հա­տու­ցում»ի լե­հե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնը: Վեր­ջերս Բոզ­նան քա­ղա­քի Աստ­ուա­ծա­բա­նա­կան ֆա­քուլ­թէ­թի, Վրոց­լա­ւի ճարտարագիտական եւ Վրոց­լա­ւի համալ­սա­րա­նի իրա­ւա­բա­նա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու աշա­կեր­տու­թեանց ներ­կա­յաց­նե­լով Հա­յոց 1915-ի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիր­ուած չորս դա­սախoսու­թիւն­ներ, միշտ յի­շեց­նե­լով, որ 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին հան­դէպ ոճիր մըն է, որ կը պա­հան­ջէ ար­դար հա­տու­ցում, մենք ազ­գո­վին կը գտն­ուինք ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը վե­րապ­րո­ղի հա­մախ­տա­նի­շի ազ­դե­ցութ­եան տակ, որով­հե­տեւ ոտ­նա­հար­ուած են­ հայ­ ժո­ղո­վուր­դի­ մարդ­կա­յին­ ի­րա­ւունք­նե­րը: Մեր ազ­գա­յին ան­գի­տա­կի­ցը ծան­րա­բեռն­ուած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան վիշ­տով ու տրտ­մու­թեամբ, տա­կա­ւին ոտ­նա­կոխ­ուած է մեր ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը:

24 Ապ­րիլ 2017-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 8:00-ին Տո­մի­նի­քան Սուրբ Վոյ­չէխ եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102-ամ­եա­կի նուիր­ուած հայ դա­սա­կան եւ հո­գե­ւոր երաժշ­տու­թեան հա­մերգ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու ներ­կա­յութ­եամբ ՀՀ Դես­պան Է. Ղա­զար­եա­նի: Օր­ուան միտքն ու իմաս­տը լե­հե­րէ­նով ներ­կա­յա­ցուց դոկտ. Արա Սա­յեղ, որուն յա­ջոր­դեց ՀՀ Դես­պան Է. Ղա­զար­եա­նի սր­տին խօս­քը: Հայ երաժշ­տու­թեան հա­րուստ ու տպա­ւո­րիչ եր­գա­ցան­կով ելոյթ ու­նե­ցաւ Լե­հաս­տա­նի Քա­լիշ քա­ղա­քի «Հե­ղի­նէ» լա­րա­յին քառ­եա­կը` Հե­ղի­նէ Մկրտչ­եա­նի գլ­խա­ւո­րու­թեամբ, իր հմա­յիչ ձայ­նով մե­ներ­գեց յա­տուկ հրա­ւէ­րով Վրօց­լաւ ժա­մա­նած հա­լէ­պա­հայ ու Հա­լէ­պի Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նի երաժշ­տութ­եան անց­եա­լի ու­սու­ցիչ, ներ­կա­յիս Երե­ւան ապ­րող մե­ներ­գիչ Արամ Ճա­պաղ­ջուր­եա­նը, ալ­թի եւ կի­թա­ռի զմայ­լիչ նուա­գով ըն­կե­րակ­ցե­ցան Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նի եւ Հա­լէ­պի «Բար­սեղ Կա­նաչ­եան» երաժշ­տա­նո­ցի հա­լէ­պա­հայ աշա­կերտ­ներ Ճորճ եւ Արամ Սա­յեղ եղ­բայր­նե­րը, որոնք ներ­կա­յիս կ՛ապ­րին Վրօց­լա­ւի մէջ: Ներ­կա­նե­րը վա­յե­լե­ցին ար­ուես­տա­գէտ­նե­րու կող­մէ հրամց­ուած մէկ ժա­մէ աւե­լի եր­կա­րող գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րը, ինք­նու­րոյն փայլք ու հմայք ու­նե­ցող հայ երաժշ­տու­թիւնը ան­գամ մը եւս ճախ­րեց դա­րա­ւոր այս եկե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն տակ` իր ան­զու­գա­կան ջեր­մու­թեամբ զմայ­լե­լով ներ­կա­նե­րուն հո­գի­նե­րը: Հա­մեր­գի աւար­տին փակ­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ Կա­րէն Շա­հում­եան:

Հա­լէ­պա­հայ ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը հրա­ւէր ստա­ցան նա­եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102-ամ­եա­կի երաժշ­տա­կան հա­մերգ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լու Լե­հաս­տա­նի հիւ­սի­սա­րե­ւել­եան կող­մը գտ­նուող Օլշ­թին քա­ղա­քի Քլեպարք Վի­էլ­քի շր­ջա­նի առաջ­նորդ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ բա­րե­կամ Հայր Հէն­րիք Պուաշ­չի­քի կող­մէ, որ ծա­նօթ է իր հա­յան­պաստ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով, սուր­ի­ա­հա­յութ­եան օգ­նե­լու իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նի ու հա­յութ­եան հա­մար իր օգ­նու­թիւն­նե­րով մա­նա­ւանդ` առող­ջա­պա­հա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ իր ակն­յայտ նպաստ­նե­րով: Մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ պէտք է ընդգ­ծել, որ Քլե­պարք Վի­էլքիի մէջ Սուրբ Խաչ Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ կող­քին 15 Սեպ­տեմ­բեր 2012-ին հայ­րե­նի­քէն բեր­ուած հայ­կա­կան խաչ­քար զե­տեղ­ուած է, առ ի երախ­տա­գի­տու­թիւն ­Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ ցու­ցա­բեր­ուած բժշ­կա­կան օգ­նու­թեան հա­մար, եկե­ղեց­ւոյ կից կանգ­նած երախ­տա­գի­տու­թեան խաչ­քա­րը կը հան­դի­սա­նայ հայ լե­հա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խորհր­դա­նիշ: Հա­լէ­պա­հա­յեր` Արամ Ճա­պաղ­ջուր­եա­նի, Ճորճ եւ Արամ Սա­յեղ եղ­բայր­նե­րու կող­մէ Քլե­պարք Վի­էլքիի մէջ ներ­կա­յաց­ուե­ցան­ հայ դա­սա­կան ու հո­գե­ւոր երաժշ­տու­թեան հո­գե­հա­րա­զատ եր­կու հա­մերգ­ներ, առա­ջի­նը` Շա­բաթ, 29 Ապ­րիլ 2017-ի երե­կոյ­եան տեղ­ւոյն առաջ­նոր­դա­րա­նի սրա­հին մէջ, իսկ երկ­րոր­դը` Կի­րա­կի, 30 Ապ­րիլ 2017-ի առա­ւօտ­եան պա­տա­րա­գէն ետք, Քլե­պարք Վի­էլքիի Սուրբ Խաչ Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ, որոնք ներ­կա­նե­րուն կող­մէ մեծ խան­դա­ղա­տան­քի եւ ծա­փող­ջոյ­ննե­րու ար­ժա­նա­ցան: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102-ամ­եա­կի նուիր­ուած եր­կու հա­մերգ­նե­րէն առաջ Արա Սա­յեղ տեղ­ւոյն լեհ հան­րու­թեան հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց թուր­քե­րու կող­մէ կան­խամ­տած­ուած ու ծրագր­ուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին: Այս առի­թով Օլշ­թին քա­ղա­քի ռատի­ո­կա­յա­նին տուած իր հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին, Սա­յե­ղ ան­գամ մը եւս անդ­րա­դար­ձաւ1915-ին­ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած չար­չա­րանք­նե­րուն, շեշ­տեց Սուր­իոյ մէջ պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով ներ­կա­յիս քրիս­տոն­եա­նե­րու ու մա­նա­ւանդ հա­լէ­պա­հա­յութ­եան դի­մա­կա­լած դժ­ուա­րու­թիւն­ներն ու տա­ռա­պան­ք ու հա­լէ­պա­հա­յե­րու­ վե­րա­կանգ­նու­մի հաս­տա­տա­կամ կամ­քը,վե­րա­նո­րոգ հա­մո­զու­մով գո­յա­պայ­քա­րը­ շա­րու­նա­կե­լու­ հա­ւատ­քը, յի­շեց­նե­լով նա­եւ, որ տր­ուած այս բո­լոր հա­մերգ­նե­րը իբ­րեւ պտ­ղունց մը խունկ ու քու­լայ-քու­լայ բարձ­րա­ցող աղօթք կը հա­մա­րենք հա­ւատ­քի ու հայ­րե­նի­քի հա­մար զոհ­ուած մեր միլի­ո­նա­ւոր հայ­ նա­հա­տակ­նե­րու բիւ­րեղ հո­գի­նե­րուն յի­շա­տա­կին:

Դառն էր Սուր­իոյ մէջ Մարտ 2011-ին սկ­սած քա­ղա­քա­կան ճգ­նա­ժա­մը, որ  հա­լէ­պա­հա­յու­թեան գո­յու­թիւնը վտան­գեց, ան­կա­յուն ու պա­տե­րազ­մա­կան մղ­ձա­ւան­ջա­յին իրա­վի­ճակ ստեղ­ծեց, հա­լէ­պա­հա­յե­րէն շա­տե­րը մղեց ակա­մայ ար­տա­գաղ­թի դէ­պի աշ­խար­հաց­րիւ նոր երկ­րա­կա­մար­ներ` շա­րու­նա­կե­լու հա­մար իրենց կեան­քը: Ստոյգ իրո­ղու­թիւն է նա­եւ, որ նոր հո­րի­զոն­նե­րու վրայ հա­լէ­պա­հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւնը ըն­դուն­ուած է որ­պէս գօ­տեպն­դիչ ու կա­ռու­ցո­ղա­կան երե­ւոյթ, որով­հե­տեւ բնա­ծին աւան­դութ­եամբ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը միշտ իր հետ փո­խադ­րած է բազ­մա­դար­եան հայ մշա­կոյ­թի հան­դէպ իր ամ­րա­կազմ, պինդ պատ­րաստ­ուա­ծու­թիւնն ու հայ ազ­գա­յին դի­մաց­կուն թրծ­ուա­ծու­թիւնը եւ մա­նա­ւանդ իր ինք­նու­րոյն, շի­նիչ նկա­րագ­րի առանձ­նա­յատ­կու­թիւնը:

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Scroll Up