Մեկնարկեց «Մեղրիի սահմանային անցակէտի արդիականացման» Ծագիրը

Պետական եկամուտներու կոմիտէին (ՊԵԿ) կողմէ սկիզբ դրուեցաւ «Մեղրիի սահմանային անցակէտի արդիականացման» ծրագիրին:
ՊԵԿ-էն կը յայտնեն, որ ժամանակակից ենթակառուցուածքներով յագեցած սահմանային անցակէտի շնորհիւ կը նախատեսուի բարենպաստ պայմաններ ստեղծել գործարարութեան եւ ապրանքաշրջանառութեան համար: «Մեղրիի սահմանային անցակէտի արդիականացումը Հայաստանի հիւսիսային սահմանակէտերու` Բագրատաշէնի, Գոգաւանի եւ Բաւրայի արդիականացման ծրագիրներու շարունակութիւնն է»,- տեղեկացուցած է ՊԵԿ նախագահի տեղակալ Արմէն Սաքապետոյեան` աւելցնելով, որ վերափոխուած շէնքային պայմանները ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան ընթացակարգեր կիրառելու հնարաւորութիւն պիտի ստեղծեն` խթանելով բեռնափոխադրումներու արագ սպասարկումը. «Մեղրիի անցակէտի արդիականացմամբ պիտի գործէ «մէկ պատուհան» համակարգը, որուն արդիւնքով բեռնափոխադրողները եւ սահմանային անցակէտը հատողները կը շփուին մէկ մարմնի հետ»:
«Մեղրիի սահմանային անցակէտի արդիականացման» ծրագիրը կ՛իրականացնէ Միաւորած Ազգերու Կազմակերպութիւնը` Եւրոմիութեան ֆինանսաւորմամբ եւ Գաղթականութեան քաղաքականութեան զարգացման միջազգային կեդրոնի աջակցութեամբ: Անցակէտի արդիականացման եւ վերակառուցման ծրագրի նախապատրաստական աշխատանքներու համակարգման նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի առաջին հանդիպումը ծրագրի տնտեսական եւ տեխնիկական հիմնաւորումներու վերաբերեալ էր. «Ծրագրի նպատակն է ունենալ միջազգային չափանիշերուն համապատասխանող սահմանային անցակէտ, որ պիտի նպաստէ առեւտուրի եւ գործարարութեան միջավայրի բարելաւման` ապահովելով մարդոց դիւրին տեղաշարժը սահմանին»,- ընդգծած է ծրագրի ղեկավար Արսէն Աւետիսեան:
Երկրի հարաւային դարպասներու արդիականացումը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ նաեւ Հայաստան-Իրան առեւտրաշրջանառութեան աշխուժացման: Երկու երկիրներու սահմանակէտերու համատեղ օգտագործման ծիրէն ներս կը նախատեսուի իրականացնել տեղեկատուութեան առցանց փոխանակում: