Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Քայլարշաւ Եւ Հանրահաւաք Ամսթըրտամի Մէջ. ուղիղ

Այս պահուն Հոլանտայի մէջ կ’ընթանայ Համագործակցող հոլանտահայ կազմակերպութիւններու բողոքի քայլարշաւը` Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին կապակցութեամբ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Նիտերլանտական օրագիրը»-ը, այն սկսած է Ամսթըրտամի սրտին մէջ` Museumplein փողոցին հարող Stopera հրապարակէն, ուր տեղակայուած են քանի մը հանրայայտ թանգարաններ: Բողոքի երթի մասնակիցները քայլարշաւով պիտի շարժուին կեդրոնական քանի մը փողոցներով, այնուհետեւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին: Աւարտին տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, որուն ժամանակ ելոյթ կ’ունենան թրքական, քրտական, ասորական եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական եւ հոլանտական քաղաքական գործիչներ եւ մշակութային գործիչներ:
Ուղւղ միացումը կ’ապահովէ« Նիտերլանտական օրագիրի» թղթակից Dario Cramer – ը: