Յարութեան Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկ Սուրկուտի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցին Մէջ

Ապրիլ 16-ին ՌԴ Սուրկուտ քաղաքի Գրիգոր Նարեկացիի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Յարութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն դպրոցէն, իւրաքանչիւր նմանօրինակ ձեռնարկ օտար ափերու վրայ ապրող երեխաներուն համար հոգիի կանչ է, որմով անոնք կը հաղորդակցուին իրենց արմատներուն ու աւանդոյթներուն: