Սուրկութի Հայկական Դպրոցին ՄԷջ Բացուած Է «Գարնանային Էթիւտներ» Խորագիրով Ցուցահանդէս

Մարտ 5-ին ՌԴ Սուրկութի Գ. Նարեկացիի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ բացուած է Լ. Կորդտայի անուան գեղարուեստի դպրոցի սաներու «Գարնանային էթիւտներ» խորագիրով ցուցահանդէսը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Լիզա Իլպեկեանցը, նոյն օրը դպրոցին մէջ գարնան եւ Մայրերու տօնին նուիրուած վարպետութեան դաս իրականացուցած են Լ. Կորտայի անուան գեղարուեստի դպրոցի մասնագէտները` Մ. Ֆ. Լուկմանովան եւ Լ. Գ. Գաֆարովան:
Ձեռնարկին դպրոցի աշակերտները հանդէս եկած են երաժշտական համարներով: