Տեղի Ունեցաւ Երգչուհի, Երգահան Լիլիթ Եանի Համերգը

Մարտ 16-ին Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ ՀՀ սփիւռքի եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւններու աջակցութեամբ, «Ստեղծիր քո տունը» հ/կ-ի նախաձեռնութեամբ եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի հովանաւորութամբ տեղի ունեցաւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, երգչուհի, երգահան Լիլիթ Եանի «Դասական երաժշտութեան երեկոյ» խորագիրով համերգը:
Մենահամերգը սկսաւ Տէր Նշան քահանայի օրհնութեամբ: Ծրագիրին հնչեցին Կոմիտասեան եւ այլ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ («Չինար ես», «Քելէ քելէ», «Կուժն առա», «Երկինքն ամպել է», «Ցոլեր»):
Լիլիթ Եանը` որպէս խմբավար եւ երգչուհի աշխատած է բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ:
Որպէս մենակատար-երգչուհի մասնակցած է հանրապետական, համահայկական եւ միջազգային մրցոյթներու եւ փառատօններու: