Մարտ Ամիսը «Ջաւախք»ին Նուիրուած Ամիս Է

Ասպարէզ-Մարտ 07, 2017ին, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, վարժարանի Հայերէն բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ նուիրուած Ջաւախքին: Օրուան դասախօսուհին էր «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ եւ ՀԵԴ «Ջաւախք Ճամբար»ի պատասխանատու Գառնի Արմէնեան:
Հաւաքին բացումը կատարեց վարժարանի ուսուցչուհի եւ «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներէն Սալբի Թէքկէլեան: Ան, խօսելէ ետք Հայ Օգնութեան Միութեան եւ «Ջաւախք» հիմնադրամի աշխատանքներուն մասին՝ հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան դասախօսուհիին կենսագրութիւնը, ապա հրաւիրեց զայն, որ աշակերտներուն խօսի Ջաւախքի պատմականին ու Ջաւախքի մէջ իր ունեցած փորձառութիւններուն մասին:
Մօտաւորապէս 45 վայրկեան տեւած այս հաւաքին, աշակերտները ուշի-ուշով հետեւեցան դասախօսուհիին: Ան, Ջաւախքի հակիրճ պատմականը ներկայացնելէ ետք, խօսեցաւ «æաւախք» ամառնային ճամբարի աշխատանքներուն եւ Ջաւախքի հայ գաղութի կեանքին մասին, նոյն ժամանակ՝ ցուցադրելով սահիկներ:
Աշակերտները ոգեւորուած՝ ուղղեցին հարցումներ, որոնց համբերութեամբ պատասխանեց օրուան դասախօսուհին: Նման դասխօսութիւններ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ շաբաթներուն, գաղութի հայկական վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդական կեդրոններէ ներս:
Յիշեցնենք, որ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի, Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրի աշակերտները եւս մասնակից դառնալով «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հայ աշակերտական գանձանակներու ծրագիրին, մինչեւ Ապրիլ ամսուան վերջաւորութիւնը կոկիկ գումար մը հաւաքելով՝ զայն կը նուիրեն «Ջաւախք» հիմնադրամին, իսկ այս տարի, բացի գանձանակներէն, «Ֆերահեան»ի աշակերտները, ի զօրակցութիւն Ջաւախքին, ստորագրեցին մեծ պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր՝ «Ջաւախքին աջակցիլը մեր պարտականութի՛ւնն է»:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ