Անդրանիկ Տագեսեանի Դասախօսութիւնը Ապրիլ Գրատան Մէջ

Երեքշաբթի, Փետրուար 17-ին, Ապրիլ գրատան մէջ տեղի ունեցաւ խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը, նուիրուած Լիբանանի հայկական գիրքերուն: Դասախօսն էր Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի հետազօտութեան կեդրոնի վարիչ` Դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան, որ խօսեցաւ Լիբանանի վերջին 100 տարիներու հայ գիրքերուն մասին:

Ներկաները ողջունեց Ապրիլ գրատան Տէր եւ տնօրէն Առնօ Յարութիւն Երէցեան, իսկ բանախօսը հանգամանօրէն ներկայացուց Արարատ-Էսքիճեան թանգարանի տնօրէնուհի Տիկին Մակի Կէօվչին:

Յարգելի բանախօսը մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ մօտ 7000 հաշուող գիրքերու կեանքին մասին, տպարաններուն եւ հրատարակչատուներուն մասին: Խօսեցաւ հրատարակուած գիրքերու բովանդակութեան մասին:

Մտաւորականներու եւ հրատարակչատուներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր այդ երեկոյ, որոնք բանախօսին հարցումներ ուղղեցին: Ձեռնարկը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ:

Scroll Up