Անսալով Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կոչին` Հայոց Բանակին 25 -Ամեակին Նուիրուած Երեկոյ Լիբանանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Խօսնակ» ամսագրի Մշակութային Յանձնախումբին, ուրբաթ, 10 Փետրուար 2016 –ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Ահրամճեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ բացառիկ երեկոյ մը, նուիրուած՝ Հայոց Բանակի հիմնադրման 25-ամեակին: Արդարեւ, անսալով Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի կոչին, «Խօսնակ»ի խմբագրութիւնը կազմակերպած էր սոյն երեկոն, որ կը կրէր՝ «ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ եւ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» խորագիրը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեան, հիւպատոս՝ Աշոտ Վարդանեան, դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդները, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանը, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, արուեստասէր ու մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը:
Նախքան միջոցառում, սրահէ ներս ոգեւորութիւն ու տրամադրութիւն կը ստեղծէր պաստառի վրայ ցուցադրուող եւ Հայաստանի Բանակին ձօնուած զանազան երգերու տեսաերիզը (հսկողութեամբ՝ Աւետիս Տիպանի), որոնց յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութիւնը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Խմբագրական Կազմի անդամ Անժէլ Միսիսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «…Ու բացուեցաւ այդ արշալոյսը, ու կոչուեցաւ Անկախ Հայաստան, ու կազմուեցաւ անոր սահմաններուն հսկող պահապան բանակը՝ Հայկական Բանակը: Այդ բանակը ամէնէն ճգնաժամային օրերուն իսկ արտայայտեց իր կամքը, ցոյց տուաւ իր կենսունակութիւնը, իր բազուկի հզօրութիւնը, դարձաւ Արցախ աշխարհին հայկականութիւնը վերադարձնող գերագոյն ուժը: Այսօր, հետզհետէ հզօրացող այդ բանակը ի գին ինչպիսի զոհողութիւններու կը շարունակէ խրամատներուն վրայ հսկել մեր հողին, մեր արժէքներուն, մեր յուշարձաններուն, մեր պատիւին, մեր զարգացման ու բարգաւաճման»:
Բացման խօսքէն ետք հանդիսութիւնը վարելու համար հրաւիրուեցաւ Մարալ Առնելեանը: Ան առաջին հերթին հրաւիրեց վաստակաւոր ուսուցիչ եւ գեղանկարիչ Վազգէն Մուղալեանը, որպէսզի ընթերցէ Հայոց Բանակի կազմաւորման նուիրուած յօդուած մը: Պարոն Մուղալեան, ապրումով ու ներշնչումով հրամցուց Հայոց Բանակի ստեղծման, կազմաւորման ու զարգացման պատմական հանգրուանները բնութագրող հետաքրքրական ընթերցումը, ուր կային ամէն մանրամասնութիւն՝ դէպքերու, դէմքերու ու պայմաններու հետ առնչուած:
Վազգէն Մուղալեան ըսաւ. «Խօսիլ, կամ գրել հայոց Բանակի կազմաւորման մասին, անպայմանօրէն պիտի նշանակէր լուրջ անդրադարձ կատարել հայոց ազատագրական պայքարի վերջին շրջանի ժամանակահատուածին վրայ, այսինքն երթալ մինչեւ 1988 թուականը, երբ սկիզբ առին Արցախեան շարժման առաջին քայլերը, եւ որոնց արդիւնքով ալ կեանքի կոչուեցաւ Հայոց Ազգային Բանակի սաղմնաւորման ու բնականաբար կազմաւորման կարեւոր գործընթաց-գաղափարը»:
Լսելէ ետք Հայոց Բանակի կազմաւորման մասին սպառիչ տեղեկութիւն, գործադրուեցաւ հաճելի գեղարուեստական երեկոյ մը: Արդարեւ, առաջին հերթին հանդէս եկաւ երիտասարդ երգչուհի Արմանի Սէլիմեանը եւ յաջողապէս մեներգեց «ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» երգը: Դաշնամուրի վրայ անոր ընկերացաւ նոյնպէս երիտասարդ արուեստագէտ՝ Արէն Տէյիրմէնճեանը: Անոնց երգն ու նուագը գնահատուեցաւ մեծապէս: Մեներգին յաջորդեց Յակոբ Զարմէնեանի ասմունքը՝ ՀԱՅՈՑ ՔԱՋ ԲԱՆԱԿԻՆ անուն: Աւելի ուշ, իր ջութակով երկու հայրենասիրական եղանակ հրամցուց համակրելի արուեստագէտ Խաժակ Խաչատուրեանը եւ մեկնաբանեց «ԾԻԾԵՌՆԱԿ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» եղանակները: Գեղարուեստական յայտագրի վերջին բաժնին մէջ իր ասմունքով հանդէս եկաւ Նաիրա Էտիկարեան-Մինասեանը, որ մեծ ապրումով ու խոհականութեամբ հրամցուց Համամարտի «ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ եւ ՈՒՐԻՇ ԱՇԽԱՐՀ Է ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ» անուն քերթուածները, զորս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ ջերմօրէն:
Նախքան բանախօսութիւն, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ 25 ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ նուիրուած տեսաերիզ, որ եկաւ հպարտութիւն ու ուրախութիւն ներշնչելու ակնդիր հասարակութեան: Տեսաերիզի աւարտին, հանդիսավար Մարալ Առնելեան ընթերցեց օրուայ բանախօս, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմէնճեանի ամփոփ կենսագրականը, որմէ ետք ան հրաւիրեց մտաւորական տիկինը՝ որպէսզի խօսի օրուայ նիւթին շուրջ:
Տիկին Մարալ Տէյիրմէնճեան, ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ՍՏԵՂԾՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ եւ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ նուիրուած միջոցառման կապակցութեամբ ունեցաւ տեսակին մէջ նոր ու հետաքրքրաշարժ ելոյթ մը. եւ ան ընդհանուր գիծերու մէջ արտայայտուեցաւ Հայ մարդու անցեալի ու ներկայի հոգեբանութեան, անոր երկար դարեր ազատութիւն ու անկախութիւն որոնելու գաղափարներուն, հայու նկարագրային գիծերու առանձնայատկութիւններուն , ապրելակերպին, աշխարհագրական ազդակներուն հայուն վրայ ունեցած ազդեցութեան, նաեւ՝ հայու ստեղծագործ ու արարող նկարագրային գիծին, յարատեւելու եւ աշխատելու արտօրինակ կամքին, գիտական ու արուեստագործ առաւելութեան, անոր տխրութեան ու ուրախութեան զանազանութեանց, եւ վերջապէս անոր հայրենասիրական ու ազգասիրական նկրտումներուն մասին, կարեւորելով ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական առաւելութիւնները, ասոնց կողքին ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ու անոր խաղցած ազգային անգնահատելի դերին՝ որ կ’երաշխաւորէ ազգ, ժողովուրդ, երկիր ու հայրենիք:
Մարալ Տէյիրմէնճեանի բանախօսութեան ընթացքին, յաճախ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր տուեալներ՝ առնչուած օրուայ նիւթին հետ, արթնցնելով աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ներկաներու մօտ:
Բանախօսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ «Խօսնակ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որպէսզի կատարէ փակման խօսքը: Ան հակիրճ գիծերու մէջ անդրադարձաւ օրուայ գաղափարին եւ ըսաւ. «Շատ բնականաբար, մենք չէինք կրնար անտարբեր մնալ Հայրենիքէն մեզի հասած կոչին նկատմամբ: Սփիւռքի նախարարին «բաց նամակը»՝ սփիւռքահայ գաղութներուն, նշելու համար ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ստեղծման 25-ԱՄԵԱԿԸ, իւրաքանչիւր հայու համար պէտք էր հանդիսանար հրահանգ: Արդարեւ, ուրախ եմ որ «Խօսնակ»ի խմբագրութիւնն ու Մշակութային Յանձնախումբը լսեց ու գործադրեց մեզի հասած գաղափարը»:
Ան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ նաեւ. «Արեւմտահայ քերթողութեան իշխան Թէքէեան ըսած է. «Կարենալու համար ապրիլ այսուհետեւ, Օդի, ջուրի, հացի նման, մենք պէտք ունինք Հպարտութեան»… այսօր, անվարանօրէն ու բարձրաճակատ կրնանք յայտարարել, որ մենք հիմա ունի՛նք այդ հպարտութիւնը… այդ հպարտութիւնը մեր ԱՆԿԱԽՈՒԹԻ՛ՒՆՆ Է… ՄԵՐ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԲԱՆԱ՛ԿՆ է… որ մեր յո՛յսն է, ապաւէ՛նն է, ապագա՛ն է, եւ մանաւանդ՝ խորհրդանիշը՝ մեր միասնութեան»:
Ապա ան գնահատելէ ետք յաջող երեկոն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան երանգաւորելու համար գեղարուեստական յայտագիրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուայ բանախօս Մարալ Տէյիրմէնճեանին, Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին եւ դեսպանական անձնակազմին՝ իրենց յարգելի ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ ներկայ ակնդիր ու ունկնդիր հասարակութեան, որոնք միշտ աշխոյժ ու մարդաշատ կը պահեմ հայկական այս համեստ երդիքը:
Հոս, ուրախութեամբ պիտի արձանագրենք, որ «Խօսնակ» ամսագիրը հայաբոյր երեկոյ մը եւս ձօնեց լիբանանահայութեան: Հաճելի երեկոն շարունակուեցաւ միտքերու եւ գաղափարներու փոխանակումով, ուր մարդիկ կը շնորհաւորէին իրար՝ խանդավառութեամբ, հպարտանալով՝ որ ունին ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ եւ անկախութեան երաշխիք՝ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԲԱՆԱԿ: