Հայաստանն Ու Արցախը Պիտի Ներկայացուին Լոս Անճելըսի Ճամբորդական Ցուցահանդէսին Ընթացքին

Ասպարէզ-Այս տարի եւս, Հայաստանն ու Արցախը ներկայացնող միացեալ կրպակ մը պիտի հաստատուի Լոս Անճելըսի հռչակաւոր ճամբորդական ցուցահանդէսին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 18-19ին, Լոս Անճելըսի «Convention Center»ին մէջ:
Ներկայացումը կազմակերպուած է Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդին ջանքերով, որ այս նպատակով մօտէն կը գործակցի Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին հետ, զարկ տալու համար Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջութեան։
Նշենք, որ անցեալ տարի հայկական կրպակը նկատուած էր «Լաւագոյն նոր ցուցադրող»ը։
Կրպակը կազմակերպողները լուսարձակի տակ պիտի առնեն Արցախի եւ Հայաստանի բնական գեղեցկութիւնն ու հոն այցելելու տարբեր կարելիութիւնները՝ աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու նպատակով:
Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 1201 South Figueroa Street, Los Angeles, CA 90015։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 660-0757 թիւին կամ aabc.usinfo@gmail.com հասցէին։