«Հայաստան» Հիմնադրամը Կը Վերականգնէ Մատաղիս Համայնքը

Համաձայն Հեռուստամարաթոն 2016-ի ստանձնած Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման ծրագիրին` Հիմնադրամը Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս համայնքին մէջ կը վերանորոգէ 34 բնակարան: Ծրագիրը կ´իրականացուի Հեռախօսամարաթոն 2016-ին Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի հաւաքագրած հանգանակութիւններով եւ ԼՂՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն հիմնադրամէն:
Համայնքի վերականգնման աշխատանքները Մատաղիսի մէջ մեկնարկած են գիւղի դպրոցի վերանորոգմամբ, որ վնասուած էր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն: Պատահական չէ, որ դպրոցը վերանորոգուեցաւ Թորոնթոյի մեր հայրենակիցներու միջոցներով, քանի որ 2005-2006թթ.-ուն այն կառուցուած էր հէնց այդ համայնքի ֆինանսաւորմամբ: Թորոնթոբնակ անհատ բարերարն ալ մէկ շտապօգնութեան մեքենայ նուիրաբերած է համայնքին:
Զուգահեռաբար Հիմնադրամը կը շարունակէ իր ընթացիկ ծրագիրները, ներառեալ` Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներուն համար տուներու կառուցումը եւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցումն ու կահաւորումը: