Թուրքիոյ Մէջ Վաճառքի Հանուած Է Հայ Վարպետին Պատրաստած 100-ամեայ Ուտը

Սթամպուլի բնակիչներէն Սութա Քուչուքալին 10 հազար տոլարով վաճառքի հանած է հայ վարպետ Գրիգոր Քէհեայեանի (1875-1933) պատրաստած ուտը:
Թուրքիոյ մէջ առքուվաճառքի յայտարարութիւններու կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կցուած է նաեւ ուտի լուսանկարը եւ ուտի վկայականը օսմաներէն ու հայերէն լեզուներով: