Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը 30 Դեկտեմբերէն Սկսեալ Սուրիական Ամբողջ Հողերուն Վրայ Կիրառելի Ընդհանուր Զինադադար Յայտարարեց

Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը 30 Դեկտեմբերէն սկսեալ սուրիական ամբողջ հողերուն վրայ կիրառելի ընդհանուր զինադադար յայտարարեց։

Հրամանատարութիւնը նշեց. «Սուրիական բանակին մէկէ աւելի ճակատներու վրայ արձանագրած յաղթանակներուն լոյսին տակ, բանակի հրամանատարութիւնը սուրիական ամբողջ հողերուն վրայ կիրառելի ընդհանուր զինադադար կը յայտարարէ 30 Դեկտեմբեր 2016- ի առաջին ժամերէն սկսեալ»։

Հրամանատարութիւնը դիտել տուաւ, որ.« Զինադադարի որոշումը առնուած է սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ենթահող պատրաստելու նպատակով»,- աւելցնելով, որ որոշումը չ՚ընդգրկէր ՏԱՀԵՇ եւ «Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումներն ու անոնց ենթակայ միաւորները։

Scroll Up