Յու­նա­հայ մար­զիկ Ա­րա ­Ճա­նի­կեան 3րդ ­տե­ղը գրա­ւեց Ju Jitsuի հա­մաշ­խար­հա­յին մրցում­նե­րուն

Նո­յեմ­բե­րի ըն­թաց­քին, ­Լե­հաս­տա­նի Վ­րոց­լավ քա­ղա­քին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան Ju Jitsuի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­խո­յեա­նու­թեան ե­րէց­նե­րու մրցում­նե­րը։

Ա­րա ­Ճա­նի­կեան՝ մաս կազ­մե­լով ­Յու­նաս­տա­նի Ju Jitsu ազ­գա­յին խում­բին, կա­րո­ղա­ցաւ եւ ա­պա­հո­վեց ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին եւ միակ շքան­շա­նը fighting system մար­զա­ձե­ւին մէջ։

17 տա­րի­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան մար­զում­նե­րով, իր մար­զիչ Եոր­ղոս ­Զա­տիո­թի­սի ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւե­լով, Ա­րան ար­ժա­նա­ցած է հա­մաեւ­րո­պա­կան ու հա­մաշ­խար­հա­յին տիտ­ղոս­նե­րու ու դեռ պի­տի շա­րու­նա­կէ տի­րա­նալ այլ տիտ­ղոս­նե­րու։

25 ­Նո­յեմ­բեր 2016ին, Ա­րա­յին ե­րա­զը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ եւ գրա­ւեց հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ղիւ­սա­կին եր­րորդ դիր­քը։ Ա­րա ­Ճա­նի­կեան մաս­նակ­ցե­ցաւ 56 քի­լօ ծան­րու­թեամբ մար­զիկ­նե­րու դա­սա­կար­գին ու չորս յաղ­թա­նակ եւ մէկ պար­տու­թիւն ար­ձա­նագ­րե­լով, գրա­ւեց 3րդ ­տե­ղը՝ պրոն­զէ շքան­շա­նին ար­ժա­նա­նա­լով:
Ան յաղ­թեց քո­լոմ­պիա­ցիի մը, ռու­սի մը, է­թիով­պիա­ցիի մը եւ փոքր ա­ւար­տա­կա­նի մրցում­նե­րուն՝ սպա­նա­ցիի մը։ ­Պար­տուե­ցաւ ի­տա­լա­ցիէ մը։

Եր­կար տա­րի­նե­րու մար­զում­նե­րէ ետք, շատ մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով ու ճի­գով, հա­սաւ իր նպա­տա­կին ու հա­մաշ­խար­հա­յին 3րդ ­դիր­քը ա­պա­հո­վե­լով՝ իր ծնող­քը, իր ըն­կեր­նե­րը ու բո­լոր յու­նա­հա­յե­րը հպար­տա­ցուց։

Շ­նոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ, բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն եւ բա­րի շա­րու­նա­կու­թիւն։

Այս մասին կը յայտնէ Ազատ օր:

Scroll Up