«Հունգարիոյ ՄԷջ Բարձր Դիրքի Հասած Շատ Հայեր Կան». Ալեքս Աւանէսեան

Հայերը Հունգարիոյ մէջ հաստատուած են շատոնց` դեռեւս 1000 տարի առաջ: 1800-ական թուականներուն տարբեր պատերազմական իրավիճակներու պատճառով հայերը Անիէն գաղթած են եւրոպական երկիրներ` Մոլտովա, Լեհաստան, նաեւ` Հունգարիա: Ժամանակի ընթացքին անոնք  հունգարացած են` ընդունելով լեզուն ու աւանդոյթները: Միայն Թրանսիլվանիոյ մէջ 3000 հայ ընտանիք հաստատուած է: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ըսած է Հունգարիոյ Հայ ազգային ինքնավարութեան փոխնախագահ Ալեքս Աւանէսեան` խօսելով Հունգարիոյ մէջ հայերու հաստատուելուն, համայնքային կեանքի ու գործունէութեան մասին:

Հունգարիոյ մէջ արմատներ դրած հայերը աչքի ինկած են աշխատասիրութեամբ, զբաղուած են ձեռագործութեամբ, շինարարութեամբ` կարենալով բարիդրացիական յարաբերութիւններ ձեւաւորել տեղացի  ժողովուրդին հետ:

Այսօր ալ հայերը ներգրաւած են երկրի տարբեր ոլորտներուն մէջ. բժիշկներ, ճարտարապետներ, տնտեսագէտներ, դերասաններ եւ այլ մասնագիտութիւն ունեցող մարդիկ կան, որոնք իրենց աշխատանքին շնորհիւ մեծ ճանաչում ունին եւ բարձր դիրքի  հասած են: Անոնցմէ  են աչքի հետազօտական կեդրոն բացած Տիրամերեան եղբայրները, «VIP» բժշկական հաստատութեան  տնօրէն Արմէն Մալհազեան, դաշնակահար Գայեանէ Ջաղացպանեան եւ շատ ուրիշներ:

«Եթէ խօսելու ըլլանք Հունգարիա ապրող հայերու թուաքանակին մասին, 2014 թուականի ընտրութիւններու տուեալներու ժամանակ ընտրական իրաւունք ունեցող շուրջ 2100 հայ  արձանագրուած է, իսկ Հունգարիոյ մէջ 3000 հայ կ’ապրի»,-ընդգծեց Ալեքս Աւանէսեան` աւելցնելով, որ 1993 թուականին հունգարական օրէնքով տուեալ երկրին մէջ 100 տարիէն աւելի ապրող ազգերը` սլովակները, հայերը, յոյները եւ միւսները, իրաւունք  ունեցած են ինքնավարական մարմին ձեւաւորելու, որ կը գործէ առ այսօր:

Ալեքս Աւանէսեանի փոխանցմամբ` Հունգարիոյ հայկական համայնքը կենսունակ է, տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպեն` բոլոր հնարաւոր պայմանները ստեղծելով հայկական միջավայր ստեղծելուն:

Հունգարիոյ տեղական ռատիօ կայանով 30 վայրկեան, իսկ հեռուստատեսութեամբ` 20 վայրկեան տեւողութեամբ հայերէնով հաղորդումներ կը հեռարձակուին, տարուան ընթացքին չորս անգամ լոյս կը տեսնէ «Արմէնիա» թերթը: Յառաջիկային երկրի  քանի մը համալսարաններու մէջ հայագիտութեան բաժանմունքներ պիտի գործեն:

«Մեր նպատակը օտար շրջանակներուն մէջ հայկական մշակոյթի տարածումն է, որպէսզի այլազգները իմանան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին մասին, տեսնեն ու հասկնան, թէ մշակութային ինչ ժառանգութիւն ունինք: Մարդիկ կան, որոնք բացարձակ տեղեկութիւն չունին Հայաստանի մասին: Ամէն ջանք կը գործադրենք տարբեր միջոցներով Հայաստան ճանաչելի դարձնելու համար»,-նշեց ինքնավարութեան փոխնախագահը:

1

Ալեքս Աւանէսեան ծնած է 1947 թուականին` Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտապեշտի մէջ: Ան Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու զաւակ է: Հայրը` Գուրգէն Աւանէսեան` իբրեւ որբ երեխայ, յայտնուած է Պուտապեշտ: Մայրը` Սիլվա Ժամկոչեան, ծնած է Կեսարիա եւ, թրքական սպանդէն ծնողներուն հետ փախչելով, հաստատուած է Ռումանիոյ Քոնստանցիա քաղաքին մէջ:

 Հունգարիոյ միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ յետոյ` 1965-1974 թուականներուն ուսանած  է Երեւանի Թատրոնի եւ Կինոյի պետական ինստիտուտի բեմադրութեան բաժինը: 1974 թուականին սկսած է աշխատիլ Հունգարիոյ ազգային ռատիոյին մէջ` որպէս բեմադրիչ: Բեմադրած է երաժշտական եւ տրամադիկական պիեսներ, օփերեթներ եւ օփերաներ:

2002 թուականէն հունգարական ռատիոյի «Առաջին ալիքի» գլխաւոր խմբագրի տեղակալն է: 2007 թուականին եղած է ռատիոյի մէջ  բացուած «Նոր ալիք»-ի գլխաւոր խմբագիր: 2010 թուականին հիմնած է Հունգարիոյ ազգային թատրոններու միութիւնը:

Ալեքս Աւանէսեան նաեւ հասարակական գործունէութիւն կը ծաւալէ: Հունգարիոյ մէջ յեղափոխութենէն ետք  երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու միութեան հիմնադիր անդամ եղած է:

Հիմնած եւ տնօրինած է «Արմէնիա» մշակութային ընկերութիւնը: 1994-2002 թուականին եղած է Հայ ազգային ինքնավարութեան նախագահ, խմբագրած է հայ-հունգարական «Արարատ» ամսագիրը, www.ararat.hu կայք-էջը:

2011 թուականէն Հայ ազգային ինքնավարութեան փոխնախագահն է, 2014թ. Հունգարիոյ խորհրդարանի հայկական խօսնակի բաժինի  ղեկավար:

Ալեքս Աւանէսեան մէկ տասնեակէ աւելի գիրքերու, վերլուծական յօդուածներու, հայ-հունգարերէն բառարանի հեղինակ է: Գիրքերէն վերջինը` աւստրիացի գրող եւ հումանիստ  Ֆրանց  Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» գիրքի հունգարերէն թարգմանութեան վերահրատարակութիւնն է, որուն հայաստանեան շնորհանդէսը  գարնան տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up