Գանատայի Մէջ Կայացաւ «Նուռ» Ամէնամեայ Միջազգային 11-րդ Փառատօնը

Նոյեմբեր 16-20, Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան Թորոնթոյի մէջ մասնակցեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան (Թորոնթօ) կողմէ կազմակերպուած ֆիլմերու` «Նուռ» ամէնամեայ միջազգային 11-րդ փառատօնին, որուն ներկայ էին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած յայտնի բեմադրիչներ եւ դերասաններ, գանատացի հասարակական-քաղաքական գործիչներ, հայ համայնքի եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Հայերն այսօր» կը տեղեկանայ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են նման կարեւոր նախաձեռնութեան յաջողութեան համար: Դեսպանը անդրադարձած է հայկական կինոարտադրութեան պատմութեան` խօսելով բոլոր ժամանակներու հայ մեծանուն բեմադրիչներու եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն մասին: Ան շեշտած է, որ արդէն հաճելի աւանդոյթ դարձած «Նուռ» ֆիլմի փառատօնը ամէն տարի Թորոնթոյի մէջ կը հաւաքէ հայ, գանատացի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած շարժանկարի սիրահարները:

«Նուռ» փառատօնի ծիրէն ներս ցուցադրուեցան օսքարակիր «Լուսարձակ», Ատոմ Էգոյեանի «Յիշէ», Սարիկ Անդրէասեանի «Երկրաշարժ» ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ Ուիլիեըմ Սարոյեանի «Մարդկային կատակերգութիւն» վէպի հիման վրայ նկարահանուած «Իթակա», «1915-ի կանայք», «3 շաբաթ Երեւանի մէջ» եւ թրքական արտադրութեան «Կորսուած թռչուններ» յայտնի ֆիլմերը:

Փառատօնին ներկայացուած ֆիլմերուն մէկ մասը ցուցադրուեցան Թորոնթոյի կեդրոնական թատրոններուն մէջ` ընդունելով հազարաւոր այցելուներ եւ արժանանալով անոնց ջերմ արձագանգին:

Scroll Up