«Հայարտուն» Կեդրոնին ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Հանդիպում Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցի Տնօրինութեան Հետ

Նոյեմբեր 19-ին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան դահլիճին մէջ կայացաւ հանդիպում Դիլիջանի միջազգային դպրոցի տնօրէն Տենիս Տէւիտսոնի, ընդունող յանձնաժողովի նախագահ Ելենա Շերոզիայի եւ յանձնաժողովի անդամ Տարիա Պրոտնիկովսկայայի հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմէն:

Դահլիճը բազմամարդ էր: Ներկայ էին ինչպէս տարբեր ազգերու բարձր դասարաններու ուսանողները, այնպէս ալ անոնց ծնողները: Ներկաներուն կը հետաքրքրէին քոլեջի գործունէութեան մանրամասնութիւնները, ուսուցման մեթոտիկան, ուղղութիւնները, քոլեջ ընդունուելու պայմանները, ձեռք բերած յաջողութիւնները եւ ապագայի տեսլականը:

Դիլիջանի միջազգային դպրոցի տնօրէն Տենիս Տէւիտսոն հանգամանալից ներկայացուց իր ղեկավարած միջազգային դպրոցը, ուր կ’ուսանի 200 սան 72 երկիրներէ, ընդ որում Հայաստանէն եւ Վրաստանէն: Տնօրէնը կարեւոր համարեց, որ ատիկա աշխարհի յառաջատար համալսարաններ ընդունուելու երկամեայ նախապատրաստական դասընթացք է եւ ուսուցումը այստեղ անգլերէն լեզուով է:

Ընդունող յանձնաժողովի նախագահ Ելենա Շերոզիան աւելցուց, որ Դիլիջանի միջազգային քոլեջը 1962 թուականին ստեղծուած աշխարհի քոլեջներու միաւորման անդամ է, ներկայիս քոլեջ  կը յաճախեն  16 ուսանողներ Վրաստանէն:

16-17 տարեկան դեռահասի առջեւ բաց են Դիլիջանի միջազգային դպրոցի դռները: Դրսեւորելով համապատասխան գիտելիքներ եւ յաղթահարելով երեք փուլէ բաղկացած մրցոյթը, պատանին կրնայ դառնալ քոլեջի սան: Առաջնային համարելով միջազգային կրթութիւն ստանալու անհրաժեշտութիւնը, ուսման վարձը վճարելու գործին մէջ քոլեջը կ’ընդառաջէ անվճարունակ ընտանիքներուն, իր խօսքին մէջ ընդունելութեան պայմանները յստակեցուց յանձնաժողովի անդամ Տարիա Պրոտնիկովսկայան:

Այնուհետեւ քոլեջի ներկայացուցիչները պատասխանեցին ներկաներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին ընդունելութեան, ուսումը շարունակելու պայմաններուն, հանրային դպրոցը աւարտելուն, բժշկական սպասարկման, զինծառայութեան տարկէտման եւ այլն:

Հանդիպումը ընթացաւ աշխոյժ եւ հետաքրքիր մթնոլորտի մէջ:

Scroll Up