Քուէյթի Նոր Եկեղեցւոյ Վերաշինութեան Համար 150 000 Ամերիկեան Տոլար Հանգանակուեցաւ

Հինգշաբթի 10 Նոյեմբերի երեկոյեան Քուէյթի Movenpick պարդոկի սրահներէն մէկուն մէջ կազմակերպուեցաւ Կալա պարահանդէս մը, Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեանի: Պարահանդէսը կազմակերպած էր Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյս Հինախնդրի Գործադիր Մարմինը, իր կողքին ունենալով յառաջացուցած պարահանդէսի օժանդակ յանձնախումբը: Կալա Պարահանդէսին նպատակն էր, նոր եկեղեցւոյ ներքին նորոգութեանց համար, հանգանակութիւն կատարել:
Կալա պարահանդէսի բացման խօսքը կատարեց Տիկին Մայտա Մովսէսեան: Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին անխտիր, իրենց ներկայութեան համար, որ ինքնին խօսուն փաստ մըն է Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ քուէյթահայութեան ունեցած նախանձախնդրութեան, փաստ մը հաւատարմութեան՝ հանդէպ այն նուիրական հաստատութեան, որ լոկ քարաշէն կառոյց մը չէ՛, այլ՝ Բարձրեալն Աստուծոյ անպարփակ ներկայութիւնը լեցնող տեսանելի առարկայական իրողութիւն: Ան անդրադարձաւ, որ Քուէյթահայութիւնը անցնող ամիսներուն եկեղեցւոյ նոր կառոյցի մը սեփականատէրը դարձած է, շնորհիւ ժողովրդային հանգանակութեան: Մեր կոչումն է այս անգամ ալ մեծ խանդավառութեամբ մեր հոգեւոր տան՝ եկեղեցոյ ներքին աշխատանքներուն ձեռնամուխ ըլլալը, մեր նշանաբանն ու կարգախօսը դարձնելով «Ժողովուրդիս հետ, եկեղեցւոյ համար»: Ապա Տիար Գէորգ Յովակիմեան, անգլերէն լեզուով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ու նոյն գաղափարները փոխանցեց բոլորին:
Ապա Եկեղեցոյ Հիմնախնդրի Գործադիր մարմնին զեկոյցը փոխանցեց, մարմնի ատենադպիր՝ Տիար Եղիա Կարպուշեան: Ան յիշեց, որ մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարի առաջ, երբ Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանն ու Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցին դատարկելու եւ տանտիրոջ յանձնելու ահազանգը հնչեց, շրջանիս Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան խառն նիստի ընթացքին, նշանակուեցաւ Եկեղեցւոյ Հիմնախնդրի Գործադիր Մարմինը, որ գլխաւորութեամբ՝ շրջանիս Առաջնորդ՝ Գերապատիւ Տէր Մասիս Ծ․ Վարդապետ Զօպույեանին, անմիջապէս անցաւ իր աշխատանքներուն եւ առաջին նիստը գումարեց 10 Մայիս 2015-ին: Մինչեւ օրս, Գործադիր Մարմինը գումարած է մօտ 50 ժողովներ եւ իր տքնաջան աշխատանքներու որպէս արդիւնք, կարողացաւ ձեռք ձգել 700 քառակուսի մէթր տարածութիւն ունեցող ծախու առանձնատուն մը, օժտուած եկեղեցի եւ առաջնորդարան վերածուելու գրեթէ բոլոր յատկութիւններով։ Առանձնատան արժէգինն էր 725 000 Քուէյթեան Տինար (2.400.000 ԱՄՆ.Տ.): Այսպիսով, 50 տարիներէ աւելի կեանք ունեցող Քուէյթահայ գաղութը ունեցաւ իր սեփական առաջին եկեղեցին եւ առաջնորդարանը։ Թեմիս Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները 5 Դեկտեմբեր 2015-ին այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ստանալու Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը ու բարձր գնահատանքը յայտնած էր այս կարեւոր իրագործումին համար եւ շեշտած՝ եկեղեցւոյ ու Առաջնորդարանի կալուածին սեփականատէրը դառնալու կարեւորութիւնը: Անթիլիասէն վերադարձին, կազմակերպուեցաւ ժողովրդային մեծ հանգանակութիւն, որմէ ետք, համայնքը դարձաւ նոր կառոյցին սեփականատէրը: Հակիրճ զեկոյցէն ետք, ան յայտնեց, թէ Գործադիր Մարմինը այժմ կը գտնուի նորոգութեան եւ սարքաւորման նոր հանգրուանին դիմաց, որմէ ետք, կառոյցը եւ համայնքը պատրաստ պիտի ըլլայ եկեղեցոյ օծման ու Առաջնորդարանի բացման, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Յայտագրի յաջորդ բաժնով ցուցադրուեցաւ Տիարք՝ Պետրոս եւ Գրիգոր Պետիրեաններու կողմէ պատրաստուած տեսաերիզը, ուր ներկայացուեցաւ նոր կառոյցը այսօրուան վիճակով եւ մօտիկ ապագային, նորոգութիւնները աւարտելէ ետք, պատկերացուած կառոյցը:
Պաշտօնական բաժինը իր լրումին հասաւ Առաջնորդ Հայր Սուրբի սրտի խօսքով: Ան ըսաւ, որ ամէն աշխատանք երբ արդիւնք կու տայ, ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կը պատճառէ եւ առիթ կը հադիսանայ նոր իրագործումներ նուաճելու եւ յաջողութիւններ ձեռք բերելու: Յիշեցուց ներկաներուն, որ հայ ժողովուրդը իր գոյութենէն՝ Հայկ նահապետէն մինչեւ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մեսրոպ Մաշտոց, Վարդան Մամիկոնեան ու Սարդարապատեան հերոսապատում, Հայոց պատմութեան իրերայաջորդ բոլոր սերունդները, ազգին հոգը, Հայրենիքի ազատութեան ի խնդիր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, Աստուծոյ տունը՝ Եկեղեցին, մեր հաւատքի միջնաբերդը դարձնելու խոր հաւատքն ու համոզումը, իրենց ուսերուն վրայ բեռցուցին եւ ի գին արեան, սերունդէ սերունդ, ազգին շալակը փոխանցեցին: Ապա Հայր Սուրբ շարունակեց ըսելով, «Այսօր երբ կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25 ամեակը, երախտագիտութեամբ կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք աշխատեցան եւ գործեցին հայրենիքի հզօրացման եւ շինութեան համար, որովհետեւ Հայրենիքին չօժանդեկելը, ոճիր է Հայրենիքին նկատմամբ: Արդ, մեր հոգեւոր ծննդավայրը հանդիսացող եկեղեցւոյ շինութեան չօժանդակելը, կրկնակի ոճիր է, թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ Հայրենիքին նկատմամբ»: Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ վեր առաւ Քուէյթահայութեան մէջ խոր արմատ նետած ազգային այն նկարագիրը, որ երկար տարիներ Հայրենիքին, եկեղեցւոյ ու Ազգային Վարժարանին նկատմամբ ունեցած է անսահման նուիրուածութիւն, ապա հանգանակութիւնը բաց յայտարարելով հրաւերեց ներկաները, որ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութեան բաժինը բերեն, Քուէյթի նոր եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանի աշխատանքներուն:
Յայտագրի երկրորդ բաժինը պարահանդէսն էր, որուն հանդիսավարն էր Տիար Գէորգ Յովակիմեանը: Երեկոն ծաղկեցուց Հալէպահայ սիրուած երգիչ Ճորճ Սարգիսեանն ու իր անձնակազմը:
Աւարտին, նոր եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 150,000 Ամերիկեան Տոլար, յիրաւի յիշեցնելով եկեղեցւոյ հայրերու խօսքը. «Երանի Եկեղեցի Շինողաց»:

քուվեյթ1քուվեյթ2քուվեյթ3

Scroll Up