ՀՄԸՄի Միջդիւանական 9րդ Խորհրդաժողովը Կ՛աւարտէ Իր Աշխատանքները

 Շաբաթ, 29 Հոկտեմբերին, Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՄԸՄի միջդիւանական 9րդ խորհրդաժողովը, որ սկսած էր Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբերին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ մասնակցութեամբ միութեան 7 Շրջանային եւ 12 Մեկուսի շրջաններու 40 ներկայացուցիչներու, կը յայտնէ Asbarez-ը:

Խորհրդաժողովը երեք օրուան ընթացքին կատարեց ընդհանուր արժեւորումը միութեան վերջին մէկ տարուան գործունէութեան եւ գնահատանքով անդրադարձաւ ՀՄԸՄի նորաստեղծ մասնաճիւղերուն՝ Թիֆլիսի, Մոսկուայի, Միւնիխի եւ Հոլանտայի մէջ ծաւալած աշխատանքներուն: Խորհրդաժողովը յատուկ կարեւորութեամբ քննեց Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄի տարածման եւ ամրապնդման ծրագիրները‘ նորանոր միաւորներու եւ կեդրոններու ստեղծման անհրաժեշտութեամբ: Հիմնական քննարկման նիւթ դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄի Սուրիոյ մասնաճիւղերուն իրավիճակը եւ այս առիթով խորհրդաժողովը հրապարակեց յատուկ զօրակցագիր մը:

1103interhmem1 ՀՄԸՄի 9-րդ խորհրդաժողովը իր օրակարգին վրայ ունեցաւ միութեան սկաուտական, մարզական եւ վարչական աշխատանքները հունաւորող ծրագիրներ: Քննարկումի նիւթ դարձան համա-ՀՄԸՄական յառաջիկայ մարզախաղերը (2017) եւ բանակումը (2018) լաւագոյն կերպով կազմակերպելու ձեւերը: Որոշուեցաւ, որ համա-ՀՄԸՄկան մարզախաղերով ազդանշանը տրուի միութեան 100ամեակի տօնակատարութիւններուն, իսկ բանակումով եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած մեծաշուք հանդիսութեամբ փակումը կատարուի միութեան մէկ դարեայ յոբելենական տարուան:

Խորհրդաժողովը իրազեկ դարձաւ ՀՄԸՄի 100ամեակի նախապատրաստութիւններուն: Ներկայացուեցան 100ամեակի խորհրդանշանը, բնաբանը, երգը, գլխաւոր հանդիսութիւններուն ծրագիրն ու հրատարակչական աշխատանքները: Նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակը արժանավայել շուքով կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդաժողովը քննեց նաեւ միութեան քարոզչական համակարգին վերաբերող հարցեր եւ գոհունակութեամբ տեղեկացաւ, որ արդէն իսկ ընթացք առած են միութեան արդիական կայքի պատրաստութեան, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի թուայնացման եւ «Մարզիկ» երկլեզու լրատուին աշխատանքները:

Ներքին վարչական իմաստով, խորհրդաժողովը շեշտեց արդի արհեստագիտութեան միջոցներէն առաւելագոյնս օգտուելու հրամայականը: Այս իմաստով, ներկայացուեցաւ «Կուկըլ»ի հետ ՀՄԸՄի կնքած համաձայնութիւնը եւ միութեան ռազմավարական ծրագիրի արդի արհեստագիտութեան բաժինին նորագոյն ծրագիրները:

Խորհրդաժողովի աւարտին, մասնակիցները արծարծեցին ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ 107 մասնաճիւղերը յուզող ազգային ընդհանրական մտահոգութիւններ (Միջին Արեւելքի հայութեան տեղաշարժ, Եւրոպայի մէջ նոր գաղութներու կազմակերպման պահանջ, հայախօսութեան նահանջ, նիւթական դժուարութիւններ, երիտասարդութեան ներգրաւման միջոցներ, դաստիարակչական արդիական ծրագիրներ եւ այլն):

Շաբաթ, 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ՀՄԸՄի միջդիւանական 9րդ խորհրդաժողովի մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄի մասնաճիւղի սկաուտական հանդիսութեան, ուր տեղի ունեցաւ սկաուտներու գնահատագիրներու յանձնում եւ աստիճաններու տուչութիւն:

Հանդիսութեան խօսք առաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Խօսքին աւարտին, ան ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշանով պարգեւատրեց ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վաստակաշատ անդամ, ատենապետ Յակոբ Գազանճեանը: Նոյն առիթով, ան յուշանուէրներով պատուեց կիպրահայ համայնքի երախտաշատ անդամներէն Արթօ Դաւիթեանը, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւը, ՀՅԴ կոմիտէն եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի վարչութիւնը:

Scroll Up