Արմին Վեկներին Նուիրուած Ֆիլմի Ցուցադրութեան Ներկայ Գտնուեցաւ Գանատացի Նախարարը

ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «ՀՈՐԻԶՈՆ».- Համագործակցութեամբ Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի եւ Քեպեքի Հայ Դատի յանձնախումբերուն, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ թանգարանի կողմէ պատրաստուած՝ «Acts of Conscience: Armin T. Wegner and the Armenian Genocide» («Խիղճի Արարքներ. Արմին Թ. Վեկներ Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը») վաւերագրական ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը Մոնթրէալի մէջ:

Հայ Դատի հարիւրաւոր բարեկամներու կողքին, սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Գանատայի ժառանգութեան նախարարուհի Մելանի Ժոլի, Օթաուայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սասուն Յովհաննիսեան, Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Խուրի, Մոնթրէալի եւ Լավալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, թանգարանի գործադիր տնօրէնութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:

Օրուան բացման խօսքը արտասանեց Արեւիկ Աֆարեան, անդրադառնալով Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարած աշխատանքին եւ Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի հետ անոր համագործակցութեան: Ապա, խօսք առաւ նախարարուհի Ժոլի, որ անգամ մը եւս շեշտեց Գանատայի կառավարութեան անհանդուրժող կեցուածքը՝ մարդկային իրաւանց որեւէ խախտումի վերաբերեալ:

Ապա, խօսք առին թանգարանի տնօրէն Ճան Եանկ եւ թանգարանի հանրային յարաբերութեան պատասխանատու Անժելա Քասի, ներկայացնելով թանգարանի բազմերես գործունէութիւնը եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ թանգարանին տարած աշխատանքները, որոնցմէ մէկն էր Ցեղասպանութիւնը վաւերագրած Արմին Վեկների կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած սոյն ֆիլմը։

Ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ ֆիլմին մեկնաբաններէն, հայազգի հռչակաւոր դերասանուհի Արսինէ Խանճեան:

Խանճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը նման գործերու պատրաստութեան եւ տարածման եւ կոչ ուղղեց յատկապէս երիտասարդութեան, որ իր գործունէութեամբ ու նուիրումով տէր կանգնէ հայ ժողովուրդի հաւաքական ինքնութեան ու իրաւունքներուն: Ապա, ներկաները առիթը ունեցան Խանճեանի եւ թանգարանի անձնակազմի անդամներուն հետ քննարկելու ժապաւէնը, ինչպէս նաեւ Վեկների կեանքն ու գործը: Քննարկումը համադրուեցաւ փրոֆ. Լալէ Մանճիկեանի կողմէ:

Ձեռնարկի փակման խօսքը փոխանցեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Լորի Ապրաքեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Գանատայի կառավարութեան, թանգարանի անձնակազմին, Արսինէ Խանճեանին եւ բոլոր ներկաներուն՝ Հայ Դատի հանդէպ իրենց ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան համար:

Scroll Up