Այս Գիշեր Ատրպէյճանի Զինուժը Յարձակման Փորձեր Ըրած է եւ Կորուստներով Ետ Շպրտուած

Հոկտեմբեր 20-ին` ժամը 23:00-23:30 ժամանակահատուածին, Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ հակառակորդը ձեռնարկած է յարձակման ներփաթանցման փորձեր:
ԼՂՀ ՊԲ-ի տեղեկութիւններով՝ ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած իրենց ելման դիրքեր:
Յարձակող խումբը դիմագրաւելու ընթացքին՝ ՊԲ-ն կորուստներ չէ ունեցած:
Բացի յարձակման ներթափանցման փորձերէն՝ հակառակորդը Հոկտեմբեր 20 լոյս 21-ին՝ հրադադարը խախտած է աւելի քան 50 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2800 կրակոց: Հարաւային ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ԴՇԿ տիպի խոշոր տրամաչափի գնդացիր (200 կրակոց):
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիարժէք վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին եւ պատրաստ են կանխարգիլել հակառակորդի որեւէ սադրիչ գործողութիւն` հասցնելով ցաւոտ հարուած: