Արցախի Մէջ Մեծ Շուքով Կը Նշեն ԼՂՀ Հռչակման 25-րդ Տարեդարձը (լուսանկարներ)

ԼՂՀ հռչակման 25-րդ տարեդարձի տօնական ձեռնարկներուն շարքը այսօր սկսաւ դեռ առաւօտ կանուխ:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` մայրաքաղաքին մէջ առաւօտեան սկսաւ մարդկանց հոսքը դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ դրուեցան Յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին: Տօնի առիթով Արցախ ժամանած են բազմաթիւ հիւրեր տարբեր երկիրներէ:
Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի պետական եւ զինուորական բարձաստիճան այրեր եւ ժողովուրդի բազմութիւնը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ոտքով այցելեցին քաղաքային յուշահամալիր:
Հայկական երկու պետութիւններու բարձագոյն ղեկավարները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ խոնարհեցին քաղաքային յուշահամալիրի մէջ եւ հարեւանութեամբ գտնուող Արցախեան ազատամարտին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը:
Նշէնք, որ այսօր Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ եւս պիտի կազմակերպուին բազմաբնոյթ տօնական ձեռնարկներ, իսկ երեկոյեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կայանայ տօնական համերգ, որ պիտի աւարտի հրավառութեամբ: