2017թ.ի Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի « Սօսէ» Մանկապարտէզը Իր Դռները Կը Բանայ Ստեփանակերտցի 130 Փոքրիկներու Համար

Հերթական այցով Արցախի մէջ է Արցախի բարեկամ, Արցախի մէջ իրագործուած բազում բարեգործական ծրագիրներու անմիջական մասնակից Ժասիկ Պունիաթեան:
Այցելութեան ծիրէն ներս Ժասիկ Պունիաթեան այցելած է Արցախի շարք մը գիւղեր եւ յառաջիկայ օրերուն կը պատրաստուի այցելել առաջնագիծ:
Օգոստոս 17-ին Ժասիկ Պունիաթեան Արցախի ՀՕՄ մեկուսի միաւորի ընկերուհիներուն հետ այցելած է Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող «Սօսէ» մանկապարտէզ, ծանօթացած իրականացուող աշխատանքներուն:
Նշենք, որ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներուն իր անմիջական մասնակցութիւնը ունի ՀՕՄ-ի ԱՄՆ արեւմտեան շրջանը:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը երեք հոգիէ բաղկացած յանձնախումբ մը կեանքի կոչած է, որուն կազմին մէջ են Վիքի Մարաշլեան, Սեդա Խոճայեան եւ Ժասիկ Ջալալեան, որոնք ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի ընկերուհիներուն հետ համագործակցելով հնարաւորն ու անհնարինը կ’ընեն մանկապարտէզին համար նախատեսուած գումարը ամբողջութեամբ հաւաքելու , որպէսզի խոստացածին պէս յաջորդ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն Ստեփանակերտի « Սօսէ» մանկապարտէզը իր դռները բանայ ստեփանակերտցի 130 փոքրիկներու համար:
«Մանկապարտէզի երրորդ յարկի աշխատանքները վերջացած են, տանիքը գրեթէ պատրաստ է: Այս պահուն գումարի մեծ մասը հայթայթուած է, սակայն ոչ ամբողջութեամբ` մենք դեռ գումարի անհրաժեշտութիւն ունինք, եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ մինչեւ հասնինք մեր նպատակին: Այս մանկապարտէզի շինարարութիւնը ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր շրջաններու աշխատանքի արդիւնքն է: Մենք պատասխանատու ենք ամէն մէկ անհատի, որ գումար նուիրաբերած է մանկապարտէզին համար եւ մեր պարտքն է ցոյց տալ, թէ ամէն մէկ հանգանակուած լումա ինչ աշխատանքներու վրայ կը ծախսուի»,- aparaj.am-ի փոխանցմամբ` նշած է Ժասիկ Պունիաթեան: