Հենրիխ Մխիթարեան. «Ինծի Համար Մեծ Պատիւ Է Ըլլալ Առաջին Հայը, Որ Կը Խաղայ Փրեմիէր Լիկայի ՄԷջ»

«Մանչեսթըր Եունայթըտ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան մեկնաբանած է Անգլիոյ առաջնութեան առաջին` «Պորնմուտի» հետ հանդիպման արդիւնքը: Յիշեցնենք, որ Ժոզէ Մոուրինեոյի սաները յաղթած են 3:1 հաշուով:
«Ասիկա խմբային գերազանց յաղթանակ է: Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ առաջին հայը, որ կը խաղայ Փրեմիէր լիկայի մէջ»,- գրած է Մխիթարեան «Вкнотакте»-ի իր էջին վրայ:
«Մանչեսթըր Եունայթըտ»-ը Ժոզէ Մոուրինեոյի ղեկավարութեամբ առաջին յաղթանակը տօնեց Փրեմիէր լիկայի մէջ: Այժմ «Միու»-ն կը գլխաւորէ մրցաշարային աղիւսակը` 3 միաւոր վաստակած միւս խումբերուն գերազանցելով խփած ու բաց ձգած գնդակներու տարբերութեամբ:
Աւելցնենք, որ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»-ը յաջորդ շրջանին Օգոստոս 19-ին պիտի հիւրընկալէ «Սաութհեմփթոն»-ը: