Հենրիխ Մխիթարեան Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Երկրպագուներուն

«Մանչեսթըր Եունայթըտ»-ի եւ Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան անգլիական ակումբին հետ Չինաստան կատարած մրցաշրջագայութենէն ետք   շնորհակալութիւն  յայտնած է երկրպագուներուն ջերմ ընդունելութեան համար:

«Այնքան շատ սէր ու կիրք Չինաստանի մէջ մեր երկրպագուներէն: Շնորհակալութիւն գերազանց ընդունելութեան եւ դրական յոյզերու համար»,- գրած է Հենրիխ Մխիթարեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ:

Յիշեցնենք, որ Շանհայի մէջ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»-ը 1:4 հաշուով պարտուած է Տորթմունտի «Պորուսիային»: Ժոզէ Մոուրինեոյի գլխաւորած խումբի միակ գնդակը խփած էր Հենրիխ Մխիթարեան: Յուլիս 25-ին Փեքինի մէջ պէտք է տեղի ունենար «Մանչեսթըր Եունայթըտ» – «Մանչեսթեր Սիթի» հանդիպումը, սակայն անբարենպաստ եղանակային պայմաններու պատճառով խաղը տեղի չունեցաւ:

 

Scroll Up