Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Արցախի Ինքնորոշման Կողմնակիցները` Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ դաշնային հերթական ընտրութիւններու արդիւնքով խորհրդարանէն ներս քանի մը տեղեր բաժին հասած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի կողմնակիցներուն:
Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:
Ձայներու հաշուարկը դեռեւս չէ աւարտած, սակայն այս թեկնածուներու յաղթանակը ակնյայտ է:
Անոնցմէ մէկը Աշխատաւորական կուսակցութենէն Թիմ Ուիլսոնն է, որ մէկ քառորդով հայ է:
Անոր կուսակից ընկեր Ճոն Ալեքսանտրը պահպանած է տեղը Սիտնէյի Պենելոնկ հայաշատ շրջանին մէջ: Ալեքսանտրը` Հայաստան-Աւստրալիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահն է, Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի ամենաաշխոյժ պաշտպաններէն:
Աշխատաւորական Միշել Ռոուլէնտը պահպանած է տեղը Կրիուէյ շրջանէն: Ան Աւստրալիոյ կառավարութեան աշխուժօրէն կոչ կ’ընէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Հիւսիսային Սիտնէյէն, ուր նոյնպէս մեծաթիւ հայ համայնք կայ, խորհրդարանին մէջ տեղը պահպանած է նաեւ աշխատաւորական Թրենթ Ցիմերման: Ան ուղերձով դիմած էր Թուրքիոյ` կոչ ընելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Սիտնէյի հիւսիսային եւս մէկ շրջանէ` Պրետֆիլտէն, խորհրդարանական լիազօրութիւնը վերստացած է Փոլ Ֆլեթչերը, որ նոյնպէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վաղեմի կողմնակից է:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորած է ընտրուած պատգամաւորները եւ յիշեցուցած, որ Մելպուռնին մերձակայ Քէյսի շրջանին մէջ պայքարը կը շարունակէ աշխատաւորական Յովիկ Մելքոնեան: