Սարգիս Յովսէփեան Յաղթեց Թուրք Ըմբիշին Եւ Նուաճեց Եւրոպայի Առաջնութեան Պրոնզէ Մետալ

Պուխարեստի մէջ աւարտեց ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութիւնը,- կը տեղեկացնէ ՀԱՕԿ-ի պաշտօնական կայքը:
Մրցագորգ դուրս եկած հայ ազատ ոճային ըմբիշներէն 84 քկ քաշային Սարգիս Յովսէփեան պրոնզէ մետալի համար պայքարին 4:1 հաշուով յաղթեց թուրք Սեմիհ Եազիչին եւ նուաճեց պրոնզէ մետալ:
55 քկ քաշային Մխիթար Գրիգորեան պրոնզէ մետալի համար պայքարին 9:16 հաշուով զիջեց պուլկարացի Միգեայ Սալին:
66 քկ քաշային Աշոտ Վելիցեան պարտուած էր մեկնարկային գօտեմարտին մէջ:
Այսպիսով` ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը հայրենիք կը վերադառնայ 2 պրոնզէ մետալով, որոնք նուաճած էին Տիգրան Մնացականեան (74 քկ) եւ 84 քկ քաշային Սարգիս Յովսէփեան: