ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ Մարզախաղերը Սկիզբ Առին

Մարզադաշտ փութացած էին մրցող խումբերու մարզական պատասխանատուները, վարչութեանց անդամները, ծնողները, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, վայելելու եւ հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ ըմբոշխնելու ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած սերունդներու մարզախաղերը: Մրցումներուն մօտէն կը հետեւէին ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային Մարզական խորհուրդի անդամները:

Պէտք է ընդգծել, թէ շրջանի ՀՄԸՄի տարեկան մեծագոյն մարզական աշխատանքը Նաւասարդեան մարզախաղերն են, որոնք իրենց հարուստ յայտագիրով մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն շրջանէն ներս: Անոնք ոչ միայն կը համախմբեն շրջանի 17 մասնաճիւղերու բազմահարիւր մարզական երկսեռ խումբերը, այլեւ՝ ամբողջ շրջանի հայութիւնը, որ ամէն տարի անհամբեր կը սպասէ անոնց իրագործման:

Այս տարի, ՀՄԸՄի 41րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն են հրապարակի վրայ. անոնք կը վայելեն բարձր հովանաւորութիւնը ՀՄԸՄի մէջ հասակ նետած եւ ինքնաշխատութեամբ ամերիկեան քաղաքական կեանքէն ներս մեծ յաջողութիւններ արձանագրած տէր եւ տիկ Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեաններու:

Մարզական եզակի այս նախաձեռնութիւնը կ՛ընդգրկէ պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, փինկ-փոնկի, թենիսի, թեթեւ աթլեթի, լողի, ճատրակի եւ սոֆթպոլի մարզաճիւղերը: Այս տարի եւս պասքեթպոլի մարզաճիւղը լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ Նաւասարդեան մարզախաղերուն մէջ, որոնց կը մասնակցին ութ տարեկանէն վար՝ մինչեւ Ա. դասակարգի 209 երկսեռ խումբեր, հետեւեալ մասնաճիւղերէն.

ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ՝ 11 խումբ

ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ՝ 11 խումբ

ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ՝ 8 խումբ

ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղ՝ 4 խումբ

ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ՝ 26 խումբ

ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ՝ 64 խումբ

ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ՝ 8 խումբ

ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ՝ 41 խումբ

ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայըրի «Արազ» մասնաճիւղ՝ 2 խումբ

ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղ՝ 24 խումբ

ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղ՝ 7 խումբ

ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղ՝ 2 խումբ

Շրջանէն ներս կը գործեն ՀՄԸՄի 17 մասնաճիւղեր, որոնցմէ հինգը, փոքրաթիւ ըլլալով՝ պիտի մասնակցին անհատական մրցումներու, ինչպիսին է պարագան ՀՄԸՄի Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս», Սան Տիէկոյի «Սեւան», Ֆինիքսի, Սան Հոզէի «Անի» եւ Նորթ Հոլիվուտի «Ջաւախք» մասնաճիւղերուն:

Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ Աւստրալիայէն ՀՄԸՄի Սիտնիի մասնաճիւղը եւս պասքեթպոլի մէկ խումբով կը մասնակցի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ մարզախաղերու պասքեթպոլի մրցումներուն:

Նաւասարդեան մարզախաղերու բացման ուրախ առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան մարզական կապ Արամ Թոմաս շնորհաւորեց մասնակից խումբերը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: «Այս տարի, Շրջանային Մարզական խորհուրդին որոշումով, Նաւասարդեանի անհատական մրցումները տեղի պիտի ունենան 30 Յունիսէն 3 Յուլիս երկարող եզրափակիչ շաբաթավերջին, որպէսզի հեռաւոր մասնաճիւղերը առիթ ունենան մեծ թիւով մասնակցելու անոնց, վայելելու Նաւասարդեան զուարթ մթնոլորտը եւ անոնց մասնակցելու ուրախութիւնը ապրին», շեշտեց Թոմաս:

Արամ Թոմասի ընդգծումով, յատուկ աշխատանք կը տարուի ոչ միայն անհատական մրցումներու զարգացման, այլեւ վոլիպոլի եւ յատկապէս ֆութպոլի մարզաճիւղերու հզօրացման ուղղութեամբ: «Այո՛, յատկապէս ֆութպոլի մարզաճիւղի հզօրացման կարեւորութիւն կը տրուի, որովհետեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս սկսած է այս ճիւղը մեծ ժողովրդականութիւն վայելելու: Անցած Փետրուարին Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբի այցելութիւնը, իսկ օրերս Հայաստանի Հանրապետութեան ֆութպոլի ազգային հաւաքականին շրջանս գտնուիլը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած են ֆութպոլի սիրահար ՀՄԸՄական մեր մարզիկներուն մօտ, որոնց թիւը հետզհետէ կը բազմանայ», շարունակեց ան:

Այս գծով Արամ Թոմաս հպարտութեամբ աւելցուց, թէ Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ հիմնուած է ՀՄԸՄի միաւոր մը, որ ֆութպոլի փոքր դասակարգի խումբով պիտի մասնակցի Նաւասարդեան այս տարուան մարզախաղերուն:

Նաւասարդեան մրցումները պիտի շարունակուին ամէն շաբաթավերջ, «Պըրմինկհամ  Չարթըր Հայ Սքուլ»ի, ՀՄԸՄի Ժիրայր Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ «Արարատ» եւ «Սիփան» մասնաճիւղերու մարզադաշտերուն վրայ: Նաւասարդեանի շաբաթավերջերու մրցումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ այլ մանրամասնութիւններ ստանալու համար, կարելի է դիմել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (323) 344-4300 թիւին կամ դիմելով Navasartiangames.com կայքէջին:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up