Արցախին Նուիրուած Քննարկում` Իտալիոյ ՄԷջ

Ապրիլ 28-ին Իտալիոյ Լոմպարտիա մարզի նահանգային կեդրոնին մէջ Իտալիոյ նշանաւոր լրագրողներու, հեռուստատեսային աշխատակիցներու եւ քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ «1915 թուականի Ցեղասպանութենէն դէպի նոր Ցեղասպանութիւն» խորագիրով քննարկում տեղի ունեցած է: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ քննարկման մասնակցած Իտալիոյ Հայոց միութեան ղեկավար, փրոֆէսոր Պայքար Սվազլեան: Նախաձեռնութեան նպատակն էր միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնել Արցախի նկատմամբ իրականացուող ատրպէյճանական սանձարձակ գործողութիւններուն մասին, որուն հետեւանքով կը զոհուին խաղաղ բնակիչներ ու հայ զինուորներ:
Հանդիպման ժամանակ ցուցադրուած են փաստագրական լուսանկարներ եւ հաղորդուած են տեղեկութիւններ, որոնք կը վերաբերէին Արցախին եւ Հայոց ցեղասպանութեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Միլանի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Փիեթրօ Քուչուկեան, իտալական «Լեկա» կուսակցութեան ներկայացուցիչները: