Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գործակարգավարական Խորհրդակցութիւն

Մայիս 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Նախարարը անդրադարձաւ ներկայ իրավիճակին եւ խօսեցաւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին` կարեւոր համարելով նախարարութեան ծրագիրներու իրականացման նախապատրաստական փուլի վերջին հատուածին առաւել հետեւողականօրէն ու արդիւնաւէտ աշխատիլը` ընդլայնելով կապն ու համագործակցութիւնը համայնքներուն հետ:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ կապուած Սփիւռքի կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու, համայնքներուն կողմէն իրականացուող ձեռնարկները:
Ներկայացուեցան շաբթուան ընթացքին նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս կատարուած ընթացիկ աշխատանքները: Քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրները համայնքներէն ներս տեղայնացնելու, եւ յառաջիկայ ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց «Արի տուն» ծրագիրի եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական խորհուրդներու նիստերու, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի անդրանիկ նիստի յաւուր պատշաճի կազմակերպումը:
Տրուեցան նոր յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: