Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան «Արարատ Տան» Իկըլ Ռաքի Կեդրոնը Այցելեց

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13ի առաւօտուն, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց «Արարատ Տան» Իկըլ Ռաքի կեդրոնը։ Առաջնորդ սրբազան հօր կ՛ընկերանային Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Խաչիկ սրկ. Շաննագեան։
Սրբազանն ու հոգեւորականները դիմաւորուեցան հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Մայքըլ Սիւրմէեանի, պատասխանատուներու եւ անձնակազմի անդամներու կողմէ։
Հաստատութեան սրահին մէջ, առաջնորդը Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը փոխանցեց պատսպարեալ բնակիչներուն եւ անձնակազմի անդամներուն: Ապա, Ս. Յարութեան տօնին նուիրուած շարականներ երգուեցան, որմէ ետք կատարուեցաւ տնօրհնէք. աւարտին, ներկաները ստացան Ս. հաղորդութիւն:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց անձնակազմի անդամները՝ իրենց տարած նուիրեալ ծառայութեանց համար, եւ օրհնեց բնակիչներն ու բոլոր ներկաները։ Առաջնորդը պատսպարեալները քաջալերեց, որպէսզի ծափողջոյններով գնահատեն իրենց հոգատարներուն տարած գուրգուրանքը, իսկ անձնակազմի անդամները իրենց կարգին ծափողջոյններով ողջունեցին բնակիչները։
Արարողութեան աւարտին, ողջոյնի խօսք ուղղեց Մայքըլ Սիւրմէեան, իսկ սրբազանը հոգաբարձութեան ատենապետին յանձնեց յուշանուէր մը։
Ապա առաջնորդ սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը այցելեցին իւրաքանչիւր պատսպարեալի սենեակը, ուր պատսպարեալներուն Ս. հաղորդութիւն տրուեցաւ։
Աւելի ուշ, «Արարատ Տան» հոգաբարձութիւնն ու անձնակազմը ճաշով հիւրասիրեցին առաջնորդն ու հոգեւոր հայրերը. մասնակից էր նաեւ հաստատութեան հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ Յովսէփ Կանիմեան:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: