Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Ուսուցչաց Տօնը

Չորեքշաբթի 16 Մարտ 2016-ի կէսօրուան ժամը 1.30-ին, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան հրաւէրով Վարժարանի ողջ պաշտօնէութիւնը եւ ուսուցչաց կազմը համախմբուեցան «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Նիու Սպիտակ» ճաշասրահէն ներս: Հանդիպումին ներկայ էին Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան ատենադպիր՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեան, Վարժարանի Հոգաբարձութեան կազմը, Տնօրէն՝ Երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան, պետական Տնօրէն՝ Երկրչ. Ապտուլ Համիտ ԱլՀարիրի եւ ողջ պաշտօնէութիւնն ու ուսուցչաց կազմը:
Վարժարանիս Տնօրէն՝ Երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ արեւշատութեան եւ յաջողութեան բարի մաղթանքներով գնահատեց բոլոր պաշտօնեաները իրենց բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքին համար: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան եւ Վարժարանի Հոգաբարձութեան, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին կրթօճախի բոլոր գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ պետական տնօրէնին: Ան երախտագիտական յատուկ խօսք ուղղեց կրթօճախի բոլոր նուիրեալ ուսուցիչներուն եւ երկրի պայմաններուն բերումով Հալէպէն հեռացող պաշտօնեաներուն մաղթելով ամենայն բարիք: Այս առիթով Պարոն Տնօրէնը շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Վարժարանիս նեցուկ կանգնող եւ մշտապէս պաշտպան հանդիսացող Ազգային իշխանութեան, բոլոր միութիւններուն, մարմիններուն եւ բարերարներուն, որոնք այս դժուարին պայմաններուն սատար կը հանդիսանան հայ դպրոցին : Խօսքի աւարտին, ան մաղթեց որ Սուրիական հայրենիքին երկնակամարէն շուտով փարատին սեւ ամպերը եւ Սուրիան վերագտնէ իր երբեմնի ծաղկուն օրերը:
Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ Տխրունի Ուսանողական Միութեան Ուսանողական Յանձնախումբին ուսուցչաց տօնին առիթով վարժարանիս ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան ուղղած մաղթանքը:
Վարժարանիս պետական տնօրէն՝ Երկրչ. Ապտուլ Համիտ ԱլՀարիրի փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Կրթասիրաց վարժարանին մէջ գտնուելուն եւ իր բարի մաղթանքները փոխանցեց վարժարանիս ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան ատենադպիր՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեան: Ան խնամակալութեան անունով շնորհաւորեց բոլոր ուսուցիչները եւ պաշտօնէութիւնը ուսուցչաց տօնին առիթով եւ իր քաջալերական խօսքերով գնահատեց բոլորին: Ապա Վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Երկրչ. Վաչէ Տիշոյեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան ուսուցչաց տօնին առիթով շնորհաւորեց Վարժարանի ուսումնական կրթական ընթացքը առաջ տանող բոլոր ուսուցիչներուն ու պաշտօնէութեան եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Վարժարանի Տնօրէնին, պետական տնօրէնին եւ բոլոր ներկաներուն:
Վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբին կողմէ սրտի խօսք փոխանցեց Տիկ. Թամար Բարսեղեան-Սարգիս: Ուսուցչաց Տօնին առիթով ան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վարժարանի տնօրէնին, պետական տնօրէնին եւ ողջ անձնակազմին: Այնուհետեւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզի անունով Տիկ. Մարգարիտ Շամիլեան-Մուրատեան ուսուցչաց տօնին առիթով փոխանցեց իր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները տնօրէնին եւ բոլոր պաշտօնէութեան:
Արաբերէն լեզուի ուսուցչուհի՝ Օրդ. Ուաֆահ Սուլայման ներկաներուն արտասանեց Կրթասիրացին նուիրուած իմաստալից բանաստեղծութիւն մը, որուն ընդմէջէն ան արտայայտեց իր երախտագիտութիւնն ու սէրը կրթական ջերմ օճախին՝ Կրթասիրացին նկատմամբ:
Հանդիպումը ճոխացաւ Տիկ. Հուրի Պասումեան-Հատիտեանի, Տիկ. Դալար Մաթոսեանի եւ Օրդ. Սէրլի Խոշապճեանի ազդեցիկ երգեցողութեամբ: Ինչպէս նաեւ ներկաները ունկնդրեցին սուրիահայ նահատակներուն նուիրուած նոր երգ մը, Տիկ. Մարգարիտ Շամիլեան-Մուրատեանի գրիչով գրուած:
Մտերմիկ հանդիպումին սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուած բոլոր պաշտօնէութիւնը երգերով ու բարի մաղթանքներով ջերմ մթնոլորտ մը անցուցին միասին: Ուսուցչաց տօնին առիթով Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան կողմէ պաշտօնեաներուն տրամադրուեցաւ շնորհաւորական բացիկներ եւ նիւթական պարգեւ:
Բարի երթ Կրթասիրաց կրթօճախին եւ արեւշատ բարեյաջող տարիներ մեր նուիրեալ ծառայասէր ուսուցչական կազմին եւ բոլոր պաշտօնէութեան:

Այս մասին կը յայտնէ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի ֆէյսպուքէան էջը:

Scroll Up