Հայրենի Երգչուհի Նունէ Եսայեանի Պէյրութեան Ելոյթը` «Կանք, Պիտի Լինենք Ու Դեռ Շատանանք» Համերգաշարի Ծիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան դիմաց ելոյթ ունեցաւ հայրենի սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած իր «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» խորագիրը կրող համերգաշարի շրջագայութեան ծիրին մէջ այցելած էր Լիբանան, ուր չէր եկած աւելի քան 10 տարիէ ի վեր:
Յայտագիրը կը ներկայացնէր մեր 100 տարուան պատմութիւնը: Սկսեալ Կոմիտասէն, Սայաթ Նովայէն, մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, ապա հայ ժողովուրդի վերելքը, որմէ ետք Ղարաբաղի պատերազմը` հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Առ այդ, Նունէ Եսայեան իրերայաջորդ կերպով մեկնաբանեց Կոմիտասի «Հով առէք», «Լորիկ», «Հոյ նազան», «Խնկի ծառ» երգերը, ապա Սայաթ Նովայի «Թամամ աշխարհ», «Քամանչա», «Պրոյի», «Ինչ քոնիմ հէքիմն» ստեղծագործութիւնները, որմէ ետք ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերու փունջ մը, ինչպէս` «Ատանայի ողբը», «Զարթի՛ր լաօ», «Տէլէ եաման», «Ագուլիսցի քաջ պատանի», «Գնդակ որոտաց», «Արդեօք ովքեր են», «Մարաթուկ», «Վայ Նարէ», նաեւ «Կիլիկիա», «Մարտիկի երգը», Գուսան Հայկազունէն «Հպարտ գնացէք», Ստեփան Լուսիկեանէն «Ազատ Հայաստան», Մանէ Յակոբեանէն «Հայ»-ը, Վաչէ Աւէեանէն «Հայ ենք մենք», «Փառք որ կանք, պիտի լինենք, ու շատանանք», եւ եզրափակեց «Մեր հայրենիք» քայլերգով: Բեմին վրայ զետեղուած էր պաստառ մը, որուն վրայ կը ցուցադրուէին իւրաքանչիւր երգի հետ առնչուող տեսարաններ եւ խօսքեր:
Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը, որ ընկերակցեցաւ Նունէ Եսայեանի կարգ մը երգերուն: Ուշագրաւ է, որ Նունէ Եսայեան ուր որ այցելած է, իր ելոյթներուն մէջ ներգրաւած է այդ գաղութի խումբերը, ինչ որ կը խորհրդանշէ Հայաստան – սփիւռք կապը եւ միասնակամութիւնը, ինչպէս ինք հաստատեց:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: