«Արմին Վէկները եւ Անատոլիոյ հայերը, 2015». Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէս Տրեվիզոյի մէջ

Հոկտեմբեր 16-ին Իտալիոյ Տրեվիզոյի քաղաքային խորհուրդի նստավայր, յայտնի Տրեչենտոյի պալատին մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Արմին Տէոֆիլ Վէկները եւ Անատոլիոյ հայերը, 2015» խորագիրով ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ցուցահանդէսի բացման ելոյթներ ունեցան Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, Տրեվիզոյի քաղաքապետ Ճիովանի Մանիլտոն, քաղաքային խորհուրդի նախագահ Ռոզի Ֆրանքոն, քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան հարցերու պատասխանատու Լուչիանօ Ֆրանքին, Միլանի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Փիետրօ Քուչուկեան, Իտալիոյ հայերու միութեան նախագահ փրոֆէսոր Պայքար Սիվազլիյեան:

Ելոյթ ունեցողները իրենց խօսքին մէջ անդրադարձան Արմին Վէկների գործունէութեան, կարեւոր համարեցին նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելումը` այդ նպատակով անհրաժեշտ համարելով յիշողութեան պահպանումը, ժխտողականութեան դէմ պայքարը եւ կրթական ծրագիրներու իրականացումը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Տրեվիզոյի քաղաքային իշխանութիւններու, հասարակական ու մշակութային շրջանակներու, հայ համայնքի եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Ցուցահանդէսի բացմամբ մեկնարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շաբաթը, որուն հովանաւորներն են Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, Իտալիոյ մէջ հայերու միութիւնը, Տրեվիզոյի քաղաքապետարանը եւ «Feder Piazza» հիմադրամը:

Շաբաթը կը ներառէ 3 գիտաժողով, որոնցմէ երկուքը` ուսանողներու համար, գիրքերու շնորհանդէսներ, Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով լաւագոյն շարադրութեան համար ուսանողներու պարգեւատրման արարողութիւն, փաստագրական ֆիլմի ցուցադրում եւ Տրեվիզոյի Մայր տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի պատարագ:

 

Scroll Up