Մեր Մասին
«Հայերն այսօր» (www.hayernaysor.am). ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եռալեզու (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն, անգլերէն, ռուսերէն) ելեկտրոնային պարբերականը 2011թ. մայիսէն նորացուած աշխատակազմով կը գործէ Նախարարութեան անմիջական հովանիին ներքոյ` հանդիսանալով անոր հիմնական լրատուամիջոցը:
Հաւատարիմ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւն համարուող «Հայապահպանութիւն եւ հայրենադարձութիւն» հայեցակարգը կեանքի կոչելուն` իր հրապարակումներով «Հայերն այսօր»-ը կը ձգտի Սփիւռքի համար դառնալ տեղեկատուութեան հաւաստի աղբիւր, իսկ հայաստանեան ընթերցողին մատուցել Սփիւռքի ընդգրկուն, փաստուած լրատուութիւն` համագործակցելով Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գործող մշակութային, գիտական, ուսումնական կառոյցներու, համահայկական կազմակերպութիւններու, Սփիւռքի հայկական համայնքներու եւ անհատ լրագրողներու հետ:
«Հայերն այսօր»-ի քաղաքականութիւնն է ներկայացնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայուն` իր առօրեայով, խնդիրներով ու մարտահրաւէրներով, սակայն հայաստանակեդրոն ապրելու տեսլականով:
«Հայերն այսօր»-ը հարթակ մըն է, ուրկէ իրենց յաջողութեան պատմութիւնը կը պատմեն Սփիւռքի համայնքներու եւ օտար երկիրներու մէջ բարձունքներ նուաճած մեր հայրենակիցները:
«Հայերն այսօր»-ի հերոսները ճարտարապետներ են, գիտնականներ, ուսուցիչներ, նկարիչներ, երաժիշտներ, համայնքային գործիչներ, հայկական արմատին ամուր կառչած պարզ ու հասարակ մարդիկ, որոնք կ՛ապրին Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, սակայն հայեացքը յառած հայրենիքին:
«Հայերն այսօր»-ը կ՛անդրադառնայ Հայաստանը որպէս ապրելու համար ամենաապահով վայր ընտրած հայրենադարձներուն, որոնք հայրենիքի մեծ ու փոքր դժուարութիւնները նախընտրած են օտար երկիրներու յարմարաւէտ, բայց հայկական գոյն ու բոյր չունեցող կեանքէն:
«Հայերն այսօր»-ը նաեւ հանդիպման վայր է, որուն միջոցով իրարու գործունէութեան կը ծանօթանան Սփիւռքի տարբեր համայնքներ ապրող մարդիկ:
Աշխատանք, որ հնարաւոր է միասնական ու համակարգուած գործունէութեան շնորհիւ միայն, որուն եւ կը ձգտի պարբերականը` ըլլալ ո՛չ միայն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծանօթանալու ամենակարճ ուղին, այլեւ` ամենաբովանդակայինն ու յագեցածը:
Շնորհակալութի՛ւն, որ կը կարդաք «Հայերն այսօր» (www.hayernaysor.am):
Գրեցէ՛ք մեզի.
Մեր հասցէն` ք. Երեւան Վազգէն Սարգսեան 3
Հեռ.` +37410 530938 (374/10) 58-56-01, 58-56-02, ներքին` 702, (+374/11)73-07-20
Էլ. հասցէ` [email protected]
https://www.facebook.com/hayernaysor.am?ref=hl