Չորս երկրներ միասնաբար պայքար պիտի մղեն հայոց դեմ

Թրքական «Ինթէրնէթ Հապէր» կայքէջը՝ «Գէշ լուր մը Հայկական Սփիւռքին համար» խորագրին տակ կը գրէ, որ Թուրքիա, Ազէրպայճան, Գիրկիզստան եւ Ղազախստան այսուհետեւ միասնական ճակատով պիտի պայքարին Հայկական Սփիւռքին դէմ եւ ընդհանրապէս՝ զիրենք շահագրգռող բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Այս կարգադրութեան մասին պաշտօնապէս յայտարարած է Ազէրպայճանի Սփիւռքի նախարար Նազըմ Իպրահիմով: Ան ըսած է, թէ Ազէրպայճան Թուրքիոյ կողքին պիտի կանգնի 1915-ի մասին Հայոց պնդումներուն դէմ, եւ փոխադարձաբար ալ՝ Թուրքիա Ազէրպայճանի դատը կը պաշտպանէ Ղարաբաղեան հարցին մէջ: Իպրահիմով, յիշեցնելով հայր Ալիեւի՝ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» խօսքը, ըսած է, թէ մէկ ազգը նոյն հարցի մասին երկու տեսակէտ չի կրնար ունենալ: Ան աւելցուցած է, որ այս սկզբունքին մէջ իրենց միացած են նաեւ թրքախօս երկու երկիրներ եւս՝ Ղրղզստանը եւ Ղազախստանը:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up