«HyeAID2» Համերգը Ցոյց Տուաւ Սուրիահայութեան Օգնելու Վճռակամութիւնը

Հայ հասարակութեան յիշողութեան մէջ Տոլպի Թատրոնը պիտի ըլլայ մէկը այն վայրերէն, ուր հարաւային Քալիֆորնիան անգամ մը եւս սուրիահայութեան գոյատեւման նպաստելու իր միակամ վճռակամութիւնը փաստեց:

Գրեթէ երեք հազար հոգի, 300 պարողներ, Հայաստանէն եւ գաղութէս արուեստագէտներ, 56 հովանաւորողներ քով-քովի գալով Յունիս 9, 2013ին Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմնինի (SARF) կազմակերպած «ՀայԷՅՏ2» համերգին մասնակցեցան:

Հոկտեմբեր 2012էն ի վեր, Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինը արդէն իսկ կէս միլիոն տոլար փոխանցած է սուրիահայութեան: Գործադիր մարմինի վերջին նիստերէն մէկուն աւարտին, ատենապետ Զաւէն Խանճեան տեղեկացուց, թէ յաջորդ 150 հազար տոլարի փոխանցումը անմիջապէս պիտի գործադրուի:

Հալէպէն ստացուած Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի Յունիս 1, 2013ին թուակիր նամակը, որ տպագրուած էր ծրագիրի գրքոյկին մէջ, շնորհակալութիւն կը յայտնէր եւ կը հաստատէր, թէ «Ձեր կողմէ փոխանցուած գումարները հերթաբար կը ստանանք եւ համապատասխան ձեւով կը տրամադրենք Սուրիոյ հիմնական շրջաններու հայկական համայնքներուն՝ Հալէպ, Դամասկոս, Ծովափ (Լաթաքիա, Քեսապ) եւ Ճէզիրէ: Այս գումարները, որոնք ժողովուրդին օգնութեան փութալու պահանջուած ծախսերն են, կը յատկացուին սննդեղէնի ապահովման, առողջապահական խնդիրներու սատարման, բնակարանային վնասներու հատուցման եւ կրթական բնագաւառի օժանդակութեան համար»:

Նամակը նաեւ յոյս կը յայտնէր, որ մարմինի «նախաձեռնած օժանդակութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին նոյն ուժականութեամբ, յանուն Սուրիոյ հայ համայնքի գոյատեւման»:
Օրուան հանդիսավար Մանուկ Սէրայտարեանը Տոլպի Թատրոնի չորս յարկերուն վրայ նստող հանդիսատեսներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ հրաւիրեց Գործադիր մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Խանճեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք առանձին:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, Հայ կաթողիկէ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովիւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեանը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Գաբրիէլ Մոլոյեանը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Նազարեանը, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լենա Պօզոյեանը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ներկայացուցիչ Գրիգոր Գարակէօզեանը, Համազգայինի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մանուկ Չուխաճեանը, հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու տնօրէնները, որոնք ձեռնարկը կը հովանաւորէին, ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորողներ տէր եւ տիկին Էտի եւ Թալին Ամրոյեաններ եւ տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարլէն Երեւանեաններ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ծրագիրի զանազան աշխատանքները կատարած կամաւորներ:
«Գէորգեան» պարի ակադեմիոյ հարիւրաւոր փոքրիկ ու պատանի պարողները, ղեկավարութեամբ Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեաններու եւ պարուսոյց Սոնա Գէորգեանի, լեցուցին հսկայ բեմը: Իրենց փայլուն ելոյթները տեսակաւոր էին՝ փոքրերու զուարճալի պարերէն մինչեւ աւելի բարդ ուս-ուսի «Բերդ» պարի կատարումները: Կատարումները ուրախութիւն եւ տխրութիւն փոխանցեցին, մանաւանդ երբ «Ցեղասպանութիւն»ը կը կատարուէր Նունէ Աւետիսեանի Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց Տանդէական»ի ասմունքով եւ Արթիւր Մխճեանի եւ Էլոնի երաժշտութեամբ, Սոնա եւ Նինել Գէորգեաններու կողմէ: Պարախումբերը իրենց շարժումներով եւ գոյնզգոյն տարազներով վերահաստատեցին, որ հայկական պարը կենդանի գոյութիւն է եւ կրնայ գոհացնել Արեւմտեան ափի հանրութիւնը:

Ներկաներու սպասումը եւ յուզումը վարակիչ էին Հայաստանէն հասած արուեստագէտներուն նկատմամբ: Իրենց ելոյթները, գաղութիս արուեստագէտներուն ելոյթներուն հետ, յիշատակելի էին: Անոնք հիանալի խումբ մը կը կազմէին, որոնք մեծ ճկունութեամբ կրնային կարօտի երգերէն շրջիլ ուրախ-զուարթ երգի մը, բեմին յարափոփոխ լոյսերուն նման:

Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագիտուհի Լէյլա Սարիբեկեանը մեներգեց իր հեղինակած երգերէն «Երկիր Հայրենի», «Հայորդիներ Միակամ» (երաժշտութիւն՝ Սերկէյ Յարութիւնեանի) եւ «Զինուորի Մօր Երգ»ը:

Հայրենի երգչուհի Սիլվա Յակոբեանի «Սասնա Պար»ի եւ «Աշխարհի հայերով»ի կատարման ընթացքին բեմ հանդէս եկան Գէորգեանի պարախումբերը: Ան նաեւ մեներգեց Մանէ Յակոբեանի «Տնից փախել եմ» երգը:

Արցախի պատերազմը ապրած ըլլալով, սուրիահայերու սրտակից Անտրէն, կատարեց «Հայաստանս» եւ «Հորիզոններ» երգերը: Արամ Աւագեանի երաժշտանոցէն վեց աշակերտներ կատարեցին «Հայաստան Աշխարհ»ը, Աւագեանի ելեկտրական դաշնակի ընկերակցութեամբ:

Ռուբէն Յարութիւնեանի եռեակը դուդուկներու վրայ կատարեց «Հովերն ընկան» մեղեդին:
Յարութ Փամպուքճեանը բեմի վրայ իր ուժականութիւնը պարզեց Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում» բանաստեղծութեան վրայ հիմնուած եւ Լեւոն Գաթրճեանի երաժշտութեամբ երգի կատարումով:

Ռազմիկ Մանսուրեանը մեներգեց Մարին Ալէսի «Պատրանքի թեւերով»ը: Իսկ Յովհաննէս Շահպազեանը Կոմիտասի «Հորովել»ը կատարեց, եւ Արմէնչիքը՝ «Աշխարհի հայեր»ը:
Համերգը աւարտեցաւ Լէյլա Սարիբեկեանի «Արագածի շուրջպար»ի կատարումով, որ հայութեան միասնականութիւնը կը պատկերացնէ եւ արուեստագիտուհիին խնդրանքին անսալով հանդիսատեսները ոտքի կանգնեցան, ձեռք-ձեռք բռնելով՝ իբրեւ սուրիահայութեան հետ միասնականութեան ապացոյց:
Աւելի քան երեք ժամ, համերգին հսկայ սրահը բազմաչարչար սուրիահայութեան փութացող հարաւային Քալիֆորնիոյ գաղութին բաբախուն սիրտը դարձած էր, որ իբրեւ յոյսի եւ կենսունակութեան աղբիւր շարունակէ սփոփել անոնց, որոնք բոլորին օժանդակութեան պէտք ունին իրենց գոյութիւնն իսկ շարունակելու համար:

***

Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի անդամները հետեւեալներն են՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան թեմ, Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: Համացանցի հասցէն է՝
www.SyrianArmenianReliefFund.org:

http://asbarez.com

Scroll Up