Պէյրութէն Վարշաւա.«Ես կ՛ուզեմ ցաւը դուրս հանել»

Հաւասարակշռութիւնը արժէք մըն է, որ անհատի կեանքին ու հաւաքական յարաբերութիւններուն աշխատանքային լաւ հիմք կու տայ: Հաւասարակշռութիւնը լաւ հիմք կու տայ ոչ միայն կեանքի տեսադաշտերու եւ հայեացքներու, բայց նաեւ` ինքնութեան եւ մշակութային գործօններուն: Այս մէկը աւելիով կ՛արտացոլայ մեր սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, երբ մէկ կողմէն կապուած ենք հայկական ինքնութեան, իսկ միւս կողմէն` այն հիւրընկալ երկրին (երկիրներուն), ուր «պարտադրաբար»  ապաստան գտանք: Բարեբախտաբար այս «պարտադրանքը» տաժանելի չդարձաւ, այլ` արժէքի գիտակցութիւնը, երբ բոլոր  հայերը սիրեցին իրեն ապաստան գտած երկիրները, որոնք մեզի տուին նաեւ ինքնութիւն եւ դաստիարակութիւն:

Այս հաւասարակշռուած կեանքի մինչեւ օրս ապրող մէկ լաւ իրականութիւնը վայելեցի Վարշաւիայի մէջ` փետրուար 2014-ին, Ճոնի Գույումճեանին հետ:

Ճոնին ծնած է Պուրճ Համուտ: «Պուրճ Համուտը ինծի համար ամբողջ կեանք մըն է…: Թիրօ քեմփը, Սանճաքը, Սիսը…», կ՛ըսէ Ճոնին, որուն  մէջ կը զգամ այդ «ամբողջ կեանքին» արմատաւորումը, երբ մէկ-մէկ սկսաւ քակել իր կեանքի մեն մի միաւորը: Ութ տարեկանին գացած է Վենետիկ եւ սորված` Մխիթարեաններուն մօտ: Վերադարձած է Պէյրութ եւ իր ուսումը շարունակած` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ, ապա` Ժամհուր դպրոցին մէջ: Ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած է Ֆրանսա եւ մասնագիտացած` շարժարուեստի մէջ որպէս բեմադրիչ: Եղած է դասընկերը Ռոման Փոլանսքիի, որ իր վաստակը ունի ներկայ օրերու ֆիլմաշխարհին մէջ` որպէս բեմադրիչ: 1964-ին անցած է Լեհաստան` իր մասնագիտութիւնը ի գործ դնելու, բայց կեանքի պայմանները տարբեր դուրս եկած են Ճոնիին համար:

«Շարժարուեստը աշխարհս է»,- կ՛ըսէ Ճոնի:- Պատանեկութեանս օրերուն սինեմա «Արաքս»-ի մէջ ցուցադրուած ժապաւէններուն գործածուած պատճէնները կը թափէին: Ես զանոնք կը հաւաքէի եւ մեր շէնքին տանիքը ճերմակ սաւան մը կը դնէի, ետեւը պզտիկ լոյսով կը ցուցադրէի զանոնք թաղի մանուկներուն: Ասիկա Ճոնիին Պուրճ Համուտի իր ապրած մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերու մէկ քաղցր յիշատակներէն էր, որ զինք քաջալերած եւ իր կեանքին համար մղիչ ուժ եղած է նոյն այդ մասնագիտութեան հետեւելու համար»:

Լեհաստանի մէջ կարելի չէ եղած իր մասնագիտութեամբ իր կեանքը կերտելու: «Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ Լեհաստան եկայ,- ըսաւ Ճոնին:- Կեանքի մէջ ընտրութիւններ կ՛ընես, յետոյ կը հետեւիս անոնց»:  Ճոնին հետեւած է իր «ընտրութեան» եւ այսօր յիսուն տարիէ ի վեր ան կ՛ապրի Լեհաստան: Ընտանիք կազմած է` ամուսնանալով տեղացիի մը հետ եւ իր միակ զաւակը անուանած`  Արտաւազդ:

Ճոնիին աչքերուն մէջ զղջում կամ յուսախաբութիւն չկար իր ընտրութեան եւ որոշումին համար: Ան ապրած է ու տակաւին կ՛ապրի իր կեանքը նուիրուածութեամբ եւ հաւասարակշռութեամբ` երախտապարտ ըլլալով իր հայկական եւ լիբանանեան ինքնութիւններուն:

«Լիբանանը ինծի տուաւ ինքնութիւն,- կ՛ըսէ Ճոնի:- Շնորհակալութիւն եւ յարգանք ունիմ Լիբանանի հանդէպ: Իսկ շնորհակալութեան եւ յարգանքի գործնական ապացո՞յցը. ան մինչեւ օրս կը մնայ լիբանանեան անձնագիրով` անկախ այն երեւոյթէն, թէ տարիներէ ի վեր կ՛ապրի Լեհաստան եւ ամուսնացած է տեղացիի հետ: Ես 51 տոկոս հայ եմ եւ 49 տոկոս լիբանանցի: Լեհաստան այսօր Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր է, որուն անձնագիրը արժէք ունի համաշխարհային համակարգին մէջ, բայց Ճոնիին կեանքի արժեչափերը ուրիշ են»:

Ճոնի Գույումճեան ամէն ջանք ի գործ դրած է, որպէսզի լիբանանեան դեսպանատունը իր կեդրոնը ունենայ Վարշաւայի մէջ, 1993 թուականին: Ան անդամ է Լեհաստան-Լիբանան խորհրդարանական միջպետական յարաբերութիւններու յանձնախումբին եւ այդ կապերը ամրապնդելու համար պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան եկած է պատուիրակութեան մը հետ, երկու տարի առաջ: Ճոնի աշխատանք տարած է նաեւ, որպէսզի Լեհաստանի խորհրդարանը 2005-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնայ:

Բայց Ճոնի տակաւին ունի «ցաւ» մը, «զոր կ՛ուզէ դուրս հանել»:

«Հայրս ծնած է Ատըեաման (Արեւմտեան Հայաստան) եւ մահացած` Պուրճ Համուտ,- սկսաւ պատմել Ճոնին:- Հայրս մեծանուն ընտանիքի զաւակ եղած է, որ նիւթապէս հարուստ ըլլալով` մեծ դիրք ունեցած է քաղաքին մէջ: Բայց հայրս չէր պատմեր մեզի Ցեղասպանութեան մասին: Մէջը ցաւ մը ունէր, որ պահեց մինչեւ իր մահը»: Ճիշդ էր` Ճոնին ինծի կը նայէր, երբ կը խօսէր, բայց յստակ էր, թէ ան արդէն գացած էր հեռու` Ատըեաման, վերջապէս եզրակացուց. «Ես կ՛ուզեմ հօրս այդ ցաւը դուրս հանել»:

Ճոնին քանիցս այցելած էր Ատըեաման: Ոտք դրած էր պապենական հողին վրայ, լսած է հօրը եւ իր ընտանիքին պատմութեան, հռչակին, ինչպէս նաեւ գերդաստանի` Գույումճեան ընտանիքին վայելած հմայքին ու դիրքին մասին: Ճոնի զգացած էր հերոսական կերպարը մեծ մօրը, որ որպէս ֆետայի կռուած էր թուրքերուն դէմ: Վերջապէս, Ճոնին ապրած է հոսած «արիւնը», բայց նաեւ` ապրող «արիւնը», որ մինչեւ օրս իր կեանքին տուած է ապրելու տեսլական եւ հիմք:

Այս ապրող տեսլականն ու հիմքը Ճոնին մղած են դառնալու իր մասնագիտութեան` շարժարուեստին… Ան պատրաստած է բեմագրութիւն մը երկու ժամ տեւողութեամբ` մեկնելով իր Ատըեաման տուած այցելութիւններէն եւ այնտեղէն պոկած ցաւէն:

«Սկիզբը որոշեցի կոչել «Կարմիր խաչքար,- ըսաւ Ճոնին:- Հիմա կ՛ուզեմ անուանել, «Հերոսներու յուղարկաւորութեան երգը»:

Ճոնիին դէմքին վրայ գծուեցաւ պզտիկ ժպիտ մը, որուն ետին յուզում կար ու նաեւ` յոգնածութիւն. «Կ՛ուզեմ ժապաւէնին մէջէն ցաւը դուրս հանել, բայց նաեւ` ցաւին ապրած հերոսութիւնը», ըսաւ ան:

Թէեւ իննսուն եւ ինը տարիներ անցած են, բայց տակաւին հայը աշխարհով մէկ կը քալէ նոյն այս ցաւին ծանրաբեռնուածութեամբ եւ իւրաքանչիւր առիթի կը փորձէ իր պարունակին մէջէն «ցաւը դուրս հանել» եւ այդ «ցաւին» մէջ ու անոր միջոցով կը դնէ իր պահանջատիրութիւնն ու արդար հատուցումը:

Ճոնի Գույումճեանը այն հաւատաւոր հայն է, որ կ՛ուզէ «ցաւը դուրս հանել»:

«Կարմիր խաչքա՞ր», թէ՞ «Հերոսներու յուղարկաւորութեան երգը», Ճոնի Գույումճեան պէտք է յաջողի դուրս հանել «ցաւը»…

 ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Scroll Up