Վեր. Տոքտ. Վահան Թութիկեանի նորագոյն հրատարակութիւնը՝ «Կեանքիս Ճանապարհը»

«Քանզի ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»:

(Յակոբոս Բ:26)

Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ժամանակակից ծառայողներու փաղանգին մէջ ստուար է թիւը այն հոգեւոր գործիչներուն, որոնք իրենց հովուական ասպարէզի կողքին, մշակած ըլլան գիր ու գրականութիւն եւ սպիտակ թուղթին յանձնած ըլլան միտք եւ կարծիք, բան ու բանիւ, գիր եւ դպրութիւն, յուշ եւ պատմութիւն:

Հիւսիսային Ամերիկայի տարածաշրջանին մէջ այդ փաղանգի ռահվիրան կը հանդիսանայ վեր. տոքթ. Վահան Թութիկեանը, որ վերջերս լոյս ընծայեց իր 36րդ հատորը, անգլերէն լեզուով, խորագրուած «My Life Journey» – «Կեանքիս Ճանապարհը»:

Թիւերու խաղ չէ այս անշուշտ: 36 հատորներու հեղինակ մը կենդանի վկան է Յակոբ Առաքեալի հաւատքը ողջ պահող գործո՛ղ ծառային: Արդարեւ՝ քարոզիչ, դասախօս, պատմագէտ, հովիւ, աստուածաբան եւ հրապարակախօս վերապատուելիին, բազմաբեղուն աշխատանքի եւ առատ արգասիքի հունձքի վերջին օղակն է իր գիտակից կեանքի օղակներու շարանին պատմութիւնը հիւսող եւ աշխատանքի հոլովոյթը ներկայացնող, պատկերալից եւ արդիւնաբեր կեանքի մը խօսուն վկան հանդիսացող այս վերջին հատորը:

Գեղատիպ հատորի մը 400 էջերու մէջ խտացած կեանքի պատմութեան բացատրականը տալով, վեր. Թութիկեան իր ներածականին մէջ կ՛ըսէ. «Սոյն հատորը, կեանքի պատմական մը ըլլալու կողքին, արձանագրութիւնն է իմ հովուական, կրթական, եւ հանրային ծառայութեան անցնող 55 տարիներու ընթացքին» եւ կը շարունակէ. «Այս հատորով ջանացած եմ ժամանակագրական կարգով նկարագրել իմ անհատական եւ հանրային կեանքի, ինչպէս նաեւ գաղութային եւ մասնագիտական կեանքի զանազան երեսները, որպէս հովիւ, կրթական գործիչ, գրող, վարիչ-ղեկավար եւ համայնքային առաջնորդ»:

Արդարեւ, Դամասկոս, Սուրիայէն սկսած ծառայութեան դաշտէն մինչեւ Գահիրէ եւ Աղեքսանտրիա, Եգիպտոս, ապա Պոսթըն եւ Տիթրոյիթ, Միացեալ Նահանգներ երկարած ամբողջ ճանապարհին, վերապատուելին մեղուաջան աշխատանքով նուիրուած է իր հօտին, համայնքին եւ ժողովուրդի ծառայութեան եւ առաջնորդութեան, հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ ծառայութեան դաշտին մէջ գործելու իր ուխտին եւ կոչումին:

Գերազանցօրէն հեզասահ ընթերցումի սահմանուած այս հատորը բաղկացած է 13 գլուխներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքնին բաժնուած է ենթախորագրուած եւ թուագրուած մասնաբաժիններու, դիւրացնելով եւ հաճոյացնելով ժամանակագրական շարքով նկարագրուած վերապատուելիին կեանքի ճանապարհը:

Վերապատուելի Թութիկեանի «Կեանքիս Ճանապարհը»ն սկիզբ կ՛առնէ դրախտային Քեսապի զուտ Հայ աւետարանական համայնքի զաւակներով բնակուած Էքիզօլուք գիւղէն, ուր խարիսխ նետած են Թութիկեան գերդաստանի արմատները: Թութիկեանները 19րդ դարու կէսերուն եղած են Հայ աւետարանական շարժումի ռահվիրաները եւ ապա՝ հիմնադիր յառաջապահները Էքիզօլուքի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:

Ահա այդ կրօնաշունչ, աստուածապաշտ եւ ջերմեռանդ հաւատացեալ մթնոլորտին եւ շրջապատին մէջ է, որ հասակ կ՛առնէ Վահան Թութիկեան, յաճախելով տեղւոյն Հայ աւետարանական վարժարանը եւ եկեղեցին, ուր քրիստոնէական դաստիարակութիւնն եւ Աստուածաշունչ մատեանը, առանցքը կը կազմէին որդեգրուած կրթական ծրագիրին:

Գրքի առաջին չորս գլուխները պատմականն են վերապատուելիին ընտանեկան ծառի ծանօթ արմատներուն, հոգեւոր դաստիարակութեան ակունքներուն, ծնողական կանուխ ազդեցութեան եւ նախնական ուսման շուրջ հիւսուած պատմութեան:

Վերապատուելին, իր ծնողքի բարի օրինակին ազդեցութեան տակ, ըլլալով մոլի ընթերցող մը, հաճոյքով եւ ինքնագոհ հպարտութեամբ կը պատմէ իր մանկութեան առաջին յաջող առեւտուրին մասին, երբ շրջուն գրավաճառի մը հետ, եօթ տարեկան հասակին, Նոր Կտակարան մը կը փոխանակէ, Թութիկեաններու հաւնոցէն դուրս ելած եօթը թարմ հաւկիթներով: Առեւտրական յաջող ներդրում մը արդարեւ, զոր պատուելին՝ իր կեանքի ճանապարհին վրայ երկարած, հոգեկան բազմապատկուած շահի աղբիւր մը կը սեպէ:

Յատկանշական է իմանալ, թէ Թութիկեանի եւ իր նմաններու մանկական աշխարհի առաջին լեզուն եղած է քեսապեան բարբառը, զոր ան եւ իր սերնդակիցները հարազատօրէն կը պահեն մինչեւ այսօր: Հայերէն լեզուն յաջորդած է վարժարանի գրասեղաններու վրայ, մինչ տան մէջ եւ համագիւղացիներու միջեւ յաղորդակցութեան լեզուն եղած է քեսապեան բարբառը: Ահա թէ ինչպէս գուրգուրանքով եւ յարատեւ գործածութեամբ կը պահուի ազգային հարուստ մշակութային գանձ մը:
Ուսման ճանապարհին, գիւղէն հեռանալէ առաջ, վեր. Թութիկեան կը հաստատէ, թէ ան արդէն զինուած էր մարդկային արժէքներու նժարին վրայ դրուած ծանրութիւններով, սորված ըլլալով, թէ կեանքի մեծագոյն մղիչ ուժը՝ սէրն է, մեծագոյն հարստութիւնը՝ հաւատքը, մեծագոյն գանձը՝ ուղղամտութիւնը, մեծագոյն ինք-նագոհացումը՝ օգնութեան ձեռք երկարելը եւ մեծագոյն հաճոյքը՝ տալն է:

«Կեանքիս Ճանապարհը»ի հինգ-եօթներորդ գլուխները, պատանի Թութիկեանը կ՛առաջնորդէն գիւղէն դուրս, սուզուելու քաղաքային աւազանին մէջ, ուր ան յաջորդաբար կ՛ա-մբողջացնէ միջնակարգի եւ երկրորդականի ուսումը Էշրէֆիէյի Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, Պէյրութ, ապա մէկ տարի «Freshman»՝ Հալէպի քոլեճ, եւ կրկին Պէյրութ, ուր զուգահեռ ուղիով 1959ին, բարձրագոյն յիշատակութեամբ եւ արդէն որպէս հասուն եւ գիտակից երիտասարդ, կ՛աւարտէ Ամերիկեան համալսարանի Պսակաւոր արուեստի եւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի զոյգ դասընթացքները, ստանալով համապատասխան վկայականներ:

Թութիկեանի կեանքի այդ ճանապարհին յատկանշական, անկիւնադարձային եւ յիշատակելի ցայտուն քանի մը դէպքեր, դէմքեր եւ երեւոյթներ արժանի են յիշատակութեան:
Պատանի Վահան 1948ի ամրան կը մասնակցի Հայ աւետարանական քրիստոնեական æանից ամառնային ճամբարի մը, գումարուած Սուրիոյ ծովեզերեայ Պետրուսիէ քաղաքին մէջ: Հոն՝ վայելելով ճամբարի առաջնորդ վեր. Աւետիս Հասեսեանի քրիստոնեաշունչ սէրը, գուրգուրանքն ու ջերմութիւնը, համագումարի աւարտին, կենդանի համոզումով մը եւ սուրբ հոգիի ներգործութեամբ, իր կեանքը կը նուիրէ Քրիստոսի: Այդ նուիրումը պիտի ըլլար վերապատուելիին Աստուծոյ ծառայութեան դաշտը ասպարէզ ընտրելու կոչումին հիմնաքարը:

Հայաբոյր Քէսապը իր բարեխառն եւ գրաւիչ կլիմայով, իր գիւղական եւ հրաշագեղ բնութեամբ եղած է հալէպահայութեան նախընտրած հարազատ ամառանոցը: 1952ին, նախախնամութեան կարգադրութեամբ Հալէպէն Նազարեան ընտանիքը իրենց ամառուան արձակուրդին համար երկու սենեակներ կը վարձեն Թութիկեաններու Էքիզօլուքի տունէն: Այդ շրջանին սկսած ծանօթութիւնը Նազարեաններու դստեր՝ ջանիցական Ժուլիէթին հետ, զարգանալով Վահանի Հալէպի քոլեճ ուսանած տարուան ընթացքին եւ խարսխուելով փոխադարձ սիրոյ վրայ, 1959ին կ՛առաջնորդեն ամոլը սուրբ պսակի խորհուրդին, որոնք իրենց խօստումները կը փոխանակեն այն վայրին մէջ ու հանդիպած էին առաջին անգամ՝ Էքիզօլուքի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Երջանիկ ամոլը կը բախտաւորուի երեք աղջիկ զաւակներով: Նախախնամութեան կամքը սակայն 1985ին, ՄՆու մէջ անողոք հիւանդութեան մը որպէս արդիւնք կը հնձէ Ժուլիէթը, Աստուծոյ մխիթարութեան յանձնելով վերապատուելին եւ իր դուստրերը:

Համալսարանական եւ Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման շրջանը առիթ կ՛ըլլայ կոփելու Վահան Թութիկեանի համոզումները, գաղափարները եւ ծառայութեան ասպարէզի ու կեանքի փիլիսոփայութիւնը: Աստուածաբանական համագումարի մը բնաբանը՝ «Տօնախմբենք մեր նմանութիւններն ու զանազանութիւնները», զարթնեցուցիչ դեր մը կ՛ունենայ իր մտածողութեան վրայ, որուն բացած հունին մէջ տակաւ առ տակաւ ան կ՛արմատացնէ իր համոզումները:
Թութիկեան, համոզումով կը հաստատէ, թէ «Տիեզերականութիւնը (Ecumenicity) չի նօսրացներ անհատին համոզումները եւ չի ժխտեր անոր սկզբունքները: Որպէս քրիստոնեաներ սակայն, մենք կոչուած ենք սիրելու զիրար եւ գոյանալու միութեան մէջ»: Խտացնելով Աստուածաբանական ճեմարանի ուսուցման ուղիի մէջ իր նախընտրութիւնը, Թութիկեան կ՛եզրակացնէ. «Այն ինչ որ գոհացուցիչ էր Աստուածաբանականի մէջ, մտածելու եւ արտայայտուելու ազատութիւնն էր, ազատութիւնը՝ հաւատքի մասին հարցումներ ուղղելու:» Ապա կ՛աւելցնէ. «Ես կը հաւատամ թէ հետաքրքիր միտք մը, Ստեղծագործին պարգեւած մեծագոյն օրհնութիւններէն է Իր արարածներուն»:

Վեր. Թութիկեանի «Կեանքի Ճանապարհը»ի 9-12րդ գլուխները կը նկարագրեն երիտասարդ շրջանաւարտ հովիւին ծառայութիւնները չորս գլխաւոր հօտերէ ներս, երկուքը՝ Միջին Արեւելքի եւ երկուքը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Թութիկեանի ծառայութեան առաջին դաշտը կը պատահի ըլլալ սուրիական մայրաքաղաք Դամասկոսի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ բեմը եւ անոր հովանիին տակ գտնուող Հայ աւետարանական ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը: Որեւէ նորուս շրջանաւարտի մը համար այս պատասխանատուութեամբ վստահուած պաշտօնները ակնկալելի է, որ ունենան իրենց լուրջ մարտահրաւերները: Թութիկեան սակայն հարցերուն կը մօտենայ ինքնավստահութեամբ, զոր կ՛արմատացնէ իր մէջ համեստութեամբ եւ իմաստութեամբ խորհուրդ եւ ուղղութիւն հայցելով Դամասկոսի Զաւարեան եւ Թարգմաչած երկու քոյր վարժարաններու աւելի փորձառու, ազնիւ եւ բարեմիտ տնօրէններէն: Հովուութեան ծառայութեան դամասկոսեան այս հանգրուանը ակնկալուած իրաւունք մը եւս կու տայ երիտասարդ Թութիկեանին, երբ 1960ին Հալէպի մէջ գումարուած ՄԱի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու միութեան համագումարի մը ընթացքին Մկրտութեան եւ Հաղորդութեան խորհուրդները մատակարարելու արտօնութիւն կը ստանայ: Երիտասարդ հովիւն ու երիտասարդ հօտը ձեռք ձեռքի տուած յառաջ կը մղեն Քրիստոսի եկեղեցին, ծաւալելով Կիրակնօրեայ դպրոցը, կիրակնօրեայ երաժշտական մատուցումները եւ պաշտամունքը, Քրիստոնեական æանից ընկերակցութիւնը եւ խանդավառելով վարժարանի ուսուցիչներէ կազմուած կամաւոր պաշտօնէութիւնը: Դամասկոսեան այս փորձառութիւնը ամփոփելով, վերապատուելի Թութիկեան համեստօրէն կ՛եզրակացնէ. «Ինը ամսուան ընթացքին Դամասկոսի Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ ես աւելի ստացայ քան տուի»:

Առ այդ, զինուած վարչական եւ հովուական միամեայ փորձառութեամբ, պետական մարմիններու եւ քոյր յարանուանութիւններու հետ վարչական առաջին շփումներով, Թութիկեան պատրաստ կ՛ըլլայ ընդունելու հրաւէրը այդ օրերու Արաբական միացեալ հանրապետութեան հարաւային մայրաքաղաք՝ Գահիրէի Հայ աւետարանական եկեղեցիէն:

Գահիրէն ամէն մարզէ ներս մագլցումի նոր եղանակ մը կը հանդիսանայ: Հոս՝ քաղաքը, գաղութը, համայնքը եւ եկեղեցին արդէն ունին տարբեր ծաւալ մը, որ բնականաբար աւելի մեծ պատասխանուութիւններ կը թելադրէն: Աւելի հին, փորձառու, խարսխուած, հարուստ մշակոյթի տէր եւ ներդաշնակ աշխատանքի աւելի վարժ եգիպտական այս գաղութին մէջ աւետարանական համայնքի նոր ներկայացուցիչէն կ՛ակնկալուի եւ կը ստացուի համայնքի ղեկավարի դեր մը, զոր Թութիկեան անվերապահօրէն եւ փայլուն կատարողութեամբ կ՛իրագործէ՝ կրօնական, մշակութային, գրական եւ ազգային ծաւալած բոլոր մարզերուն մէջ: Գահիրէն արդէն աշխարհայնացումի դուռն է: Հոս է, որ Թութիկեան կը ծանօթանայ, կը մտերմանայ, կը հանդիպի, կը գորածակցի եւ կ՛աշխատակցի այդ օրերու հայ աշխարհի թատերաբեմին վրայ ղեկավարութեան մականը բռնած մեծերուն՝ Վազգէն Ա. կաթողիկոս, Մամբրէ արք. Սիրունեան, հայր Ժան Գասպարեան (յետագայ կաթողիկիս՝ Կաթողիկէ հայոց), Զաւէն արք. Չինչինեան եւ ազգային քաղաքական գործիչներ՝ տոքթ. Երուանդ Խաթանասեան, Բեգլար Նաւասարդեան, Բենիամին Թաշեան, Ալեքսանդր Սարուխան, Էօժէն Փափազեան, Հայկ Ժամկոչեան, Էտմոն Կոտոլազեան (Երուանդ Ազատեան), Բիւզանդ Կոճամանեան եւ ուրիշներ, որոնք բոլորը երիտասարդ հովիւին վրայ ունեցած իրենց ներգործող ազդեցութեամբ կը շաղախեն իր մէջ կոփուող մտաւորականը: Թութիկեան կը քարոզէ, կը դասախօսէ, կ՛առաջնորդէ, կը բանակցի, կը թղթակցի: Ան՝ իրաւացիօրէն, եգիպտահայ ամբողջ գաղութը կը նկատէ իր հօտը եւ իր կոչումին հաւատարիմ, կը փոխանցէ անոնց աւետարանի բարի լուրը, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի անժամանցելի արժէքները:
Գահիրէն նաեւ մագլցումի աստիճան մըն է Թութիկեանի հովուական ասպարէզին մէջ: Արդարեւ հոս է, որ Գահիրէի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ խորհուրդի դիմումնագիրով եւ ՄԱի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի վաւերացումով, կը ծրագրուի Վահան Թութիկեանի հովուական ձեռնադրութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Յուլիս 2, 1961ին, ձեռամբ՝ վեր. Հովաննէս Ահարոնեանի, վեր. Սողոմոն Նիւուճիքեանի, վեր. Ճան Մարգարեանի, վեր. Արամ Հատիտեանի եւ չորս այլ հովիւներու:

Արաբական աշխարհը, ղեկավարութեամբ Եգիպտոսի եւ արաբ մասսաներու կուռք՝ նախագահ Ապտ Էլ Նասերի, եռեւեփի մէջ է: Երկրի ընկերվարին օրակարգը, արդիւնաբերութեան մարզին մէջ իրականացուած ազգայնացումները, ազատութիւններու կաշկանդումը եւ պատերազմի շարունակուող վախը կը մղեն հայահոծ այդ գաղութը արտագաղթի: Պարագաները Գորդեան հանգոյց մը կը ստեղծեն նաեւ Թութիկեաններու երիտասարդ ընտանիքին համար, որ երկար մտորումներէ եւ աղօթքներէ ետք կ՛ընտրէ ընդունիլ Աստուածային կարգադրութեամբ իրեն ուղղուած հրաւէրը ծառայելու ՄՆու Պոսթըն քաղաքի Հայ Նահատակաց Աւետ. եկեղեցւոյ մէջ եւ հետեւելու Հարթֆորտ աստուածաբանական հիմնարկի մագիստրոսի տիտղոսի դասընթացքներուն:

Օգոստոս 1965ին, վեր. Թութիկեանի կեանքի ճանապարհին վրայ նոր էջ մը կը բացուի, երբ Գոլոմպոսի աշխարհը իր դռները բանալով կ՛ընդունի Թութիկեանները որպէս օրինաւոր գաղթականներ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Նոր աշխարհը, նոր բարքերով, մշակոյթի զանազանութեամբ եւ երբեմն յոռի նայուածքով կը դիմաւորէ իր նոր զաւակները, որոնք հակառակ հիացումի եւ դրուատանքի արդարացուցիչ բոլոր պատճառներուն՝ շփոթութեամբ կ՛ընտելանան նորին հետ:

Բարիքները, սակայն, նաեւ առատ են նոր աշխարհին մէջ: Հովուական ծառայութեան զուգահեռ, Թութիկեանի ուսման տենչը կը մղէ զինք մասնագիտանալով աւարտելու բարձրագոյն ուսման ճանապարհը եւ յաջորդաբար ստանալու Աստուածաբանութեան մագիստրոսի երկու տիտղոս եւ Doctor of Ministry տիտղոսը, ուսանելով Մեծն Պոսթընի համբաւաւոր համալսարաններուն մէջ:
Թութիկեանի գերբնական աշխատանքի գաղտնիքը կը կայանայ իր քունի կարգապահութեան մէջ: Արդարեւ ան վարժութիւն ըրած է գոհանալ 4 ժամուան քունով եւ յետմիջօրէին մրափով մը, տրամադրելով օրուան մնացեալ ժամերը արթուն աշխատանքի:

Եւ թափ կ՛առնէ վերապատուելիին աշխատանքի ծաւալն ու որակը: Ան իր ծառայած երկու եկեղեցիներուն մէջ առանցքն է անդուլ աշխատանքի՝ ծաւալելով հօտը, ստեղծելով ծառայութեան նոր յանձնախումբեր, եկեղեցական նոր խմբակներ, հիմնելով հիմնադրամներ, կազմակերպելով դրամահաւաքներ, ծրագրելով շինարարական կարիքներ, ներգրաւելով նոր անդամներ, մասնակցելով միջ-յարանուանական աշխոյժ խմբակներու, գաղութային երլեզու դասախօսութիւններով, հայերէն լեզուի դասընթացքներով, մշակութային ձեռնարկներով, երիտասարդական կարիքներու հետապնդումով, անոնց դժուարութիւններու հոգացումով եւ տակաւին բազմաթիւ էջերու վրայ մանրամասնուած ծրագիրներով եւ գործունէութեամբ: Եւ այս բոլորը առանց որեւէ ազգային տեղատուութեան՝ հեռու հալող կաթսային վտանգէն: Մայրենի լեզուն տան խօսակցական լեզուն է իսկ ՄՆու նոր քաղաքացի Վահան Թութիկեանը քաղաքավարօրէն կը մերժէ իր եւ իր դստեր Անահիտի անունը փոխելու ամէն կոչ:

Թութիկեանի ամերիկեան ցամաքամասի գործունէութիւնները չեն ամփոփուիր Պոսթընի Հայ Աւետ. Նահատակաց եկեղեցւոյ տասը տարուան եւ Տիթրոյիթի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ երեսուն տարիներու ծառայութեան մէջ: Առաջին օրէն իսկ ան յարանուանական թէ գաղութային բեմին վրայ է՝ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքով աշխուժօրէն պատասախանատուութիւն վերցնող եւ պաշտօններ ուսաբարձողն է թէ՛ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու միութեան եւ թէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան մէջ:

Կրկնակիօրէն քանի մը շրջան ստանձնելով միութեան նախագահութիւնը, Թութիկեան անփոխարինելի դերակատարն է միութենական եւ յարանուանական բազմաթիւ նուաճումներու: Ան անդամ է Մայր եկեղեցւոյ հետ մերձեցման յատուկ յանձնախումբին, մասնակից միութեան մէկ միլիոն տոլարի հանգանակութեան արշաւին, միութեան, աւետարանչականի եւ Հայկազեան համալսարանի ամեակներու հանդիսութիւններուն եւ ոգեկոչումներուն, միութեան եւ աւետարանչականի ազգային անշեղ ուղղութեան պահակը, միութեան եկեղեցիներու հայ Աւետարանական անունը կրելու ջատագովը, յետանկախ Հայաստանի մէջ աւետարանական համայնքի աշխոյժ ներկայութեան քաջալերը, համազգային բեմերու վրայ աւետարանական համայնքը ներկայացնող փայլուն դէմքը եւ տակաւին 13րդ գլխու բազմաթիւ էջերուն վրայ փռուած՝ սիրուած եւ փնտռուած համայնքային ղեկավարը:

Թութիկեանի տեսլականին արգասիքն է Տիթրոյիթի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ ծոցին մէջ հիմնուած Հայ մշակութային ժառանգութեան տրամադրուած հիմնադրամը, որ հայ մշակոյթի հետ առնչուած զանազան ծրագիրներու կողքին կը դառնայ հրատարակիչը Թութիկեան հեղինակին բազմաթիւ հրատարակութիւններուն, սկսելով 1980ին լոյս տեսած առաջին երկլեզու գիրքով, խորագրուած՝ «Reflections of An Armenian» («Խոհք եւ Խօսք»):

1978ին ստեղծուած Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի ծնունդէն ի վեր, վեր. Թութիկեան նախ որպէս խորհուրդի նախագահ եւ ապա որպէս անոր գործադիր տնօրէն, եռանդով կը շարունակէ իր ծառայութիւնը Աստուծոյ, համայնքին եւ հայ ժողովուրդին, այս պարագային համաշխարհային մասշտապով, ըլլալով մտայղացող, ծրագրող, համադրող, ներդաշնակող եւ գործադրող համակարգիչը խորհուրդի աշխատանքներու հոլովոյթին: Վերապատուելին, 1991ին բախտաւորութիւնը ունենալով վերամուսնանալու ներքին եւ արտաքին գեղեցկութեան տէր, շնորհալի, քաղցր, խոհուն, հոգածու եւ կայտառ կեանքի նոր ընկերոջ մը հետ՝ յանձին Ռոզէթ Բամբակեանի, երէկ եւ այսօր կը վայելէ անոր ամբողջական նեցուկը, գործակցութիւնը եւ ընկերակցութիւնը իր ամբողջ աշխատանքներուն մէջ:

«My Life Journey» – «Կեանքիս Ճանապարհը», 2014, 394 էջ, լաթակազմ, գունաւոր շապիկ, հրատարակութիւն՝ Armenian Heritage Committee, 3922 Yorba Linda Blvd. Royal Oak, MI 48073-6455, ձօնուած հեղինակի ծնողներուն՝ Յակոբ Ա. եւ Գեղանոյշ Թութիկեաններուն, հաճոյքով եւ հպարտութեամբ ընթեռնելի, ծափահարելի եւ օրինակելի, բայց տակաւին չաւարտած կեանքի մը պատմութիւնն է: Յանձնարարելի է բոլորին:

Վարձքդ կատար պատուելի, գրիչդ անսպառ եւ անդուլ աշխատանքիդ՝ երկա՜ր եւ բարի՜ ճանապարհ:

Զաւէն Խանճեան

 ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ

Scroll Up