Թուրքիա` Ճիհատական Արտադրող Երկիր. Քեսապի Վրայ Յարձակողները Ահաբեկիչներ Չեն` Ըստ Թրքական Կառաւարութեան

Մինչեւ հի­մա մե­զի ծա­նօթ էր, աւե­լի ճիշդ փաս­տեր գո­յու­թիւն ու­նէին, որ Թուրքիա ուղղա­կի կ՚աջակ­ցի Սու­րիոյ ճի­հատա­կան­նե­րուն, զէնք զի­նամ­թերք կը մա­տակա­րարէ, իր սահ­մաննե­րը անոնց առ­ջեւ կը բա­նայ որ­պէսզի դիւ­րութեամբ Սու­րիա մուտք գոր­ծեն ու ել­լեն, վի­րաւոր զի­նեալ­նե­րը կը բու­ժէ եւլն., եւլն.: Ալ-Նուսրա­յի զի­նեալ­նե­րու կող­մէ Քե­սապի գրաւ­ման առ­թիւ, ար­դէն լայ­նօ­րէն առի­թը ու­նե­ցանք այս բո­լորը հաս­տա­տելու: Իսկ հի­մա թրքա­կան մա­մու­լին իսկ հա­ւաս­տումով, կը պար­զուի, թէ Թուրքիա ճի­հատա­կան պատ­րաստող կամ մա­տակա­րարող գլխա­ւոր ակե­րէն է:

Այս նիւ­թին մա­սին, թրքա­կան «Habertürk» առ­ցանց թեր­թը Յու­նիս 17ին թէեւ ամ­փոփ բայց բա­ւական խօ­սուն ման­րա­մաս­նութիւննե­րով ու փաս­տե­րով թղթած­րար մը հրա­պարա­կած է:

Լրատ­ւութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ Պո­լիսը առաջ­նա­կարգ դիր­քե­րու վրայ կը հաս­նի «Իրա­քի եւ Արե­ւել­քի մէջ Իս­լա­մական Պե­տու­թիւն» կազ­մա­կեր­պութեան (ՏԱ­ՀԵՇ – EIIL) ճի­հատա­կան մա­տակա­րարող քա­ղաք­նե­րու շար­քին մէջ: Յատ­կա­պէս ըն­կե­րային առու­մով խո­ցելի ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­ներն են ասոնք, որ Պոլ­սոյ իրենց աղ­քա­տիկ թա­ղամա­սերէն Սու­րիա եւ Իրաք կը մեկ­նին լրաց­նե­լու հա­մար ՏԱ­ՀԵՇ-ի շար­քե­րը: Թեր­թին աշ­խա­տակի­ցը, որ պատ­րաստած է թղթած­րա­րը, կը գրէ, թէ Կիւնկէօրէ­նը Պոլ­սոյ այն թա­ղամա­սերէն է, ուր դիւ­րութեամբ կա­րելի է հան­դի­պիլ ՏԱ­ՀԵՇ-ի հետ­քե­րուն:

Այսպէս, ՀԻ­ՍԱՏԵՐ կո­չուող «բա­րեսի­րական» ըն­կե­րակ­ցութիւ­նը, որ գլխա­ւորա­բար իբ­րեւ թէ «Սու­րիա օգ­նութիւն ղրկե­լու եւ թմրե­ցու­ցիչնե­րու դէմ պայ­քա­րի» առա­քելու­թիւննե­րով կը զբա­ղի ու այդ մա­սին ծա­նու­ցումներ փակ­ցուցած է իր գրա­սենեակի ցու­ցա­փեղ­կին վրայ, անոնց կից զե­տեղած է նաեւ այլ ծա­նու­ցում մը, որ կը պատ­կա­նի ՏԱ­ՀԵՇ-ի (անոր զի­նան­շա­նով, որ բաղ­կա­ցած է արա­բերէ­նով՝ աղօթ­քէ եւ Մո­համ­մէտ մար­գա­րէի ստո­րագ­րութե­նէն): Այլ վա­ճառա­տան մը ցու­ցա­փեղ­կին վրայ եւս տեղ գտած է նոյն ծա­նու­ցումը: Յայտնա­պէս, վեր­ջինս իր վա­ճառա­կան գոր­ծունէու­թեան զու­գա­հեռ, գաղտնա­բար ճի­հատա­կան­ներ հա­ւաքե­լու գոր­ծունէու­թեամբ ալ կը զբա­ղի: Ար­դա­րեւ թա­ղամա­սի բնա­կիչ­նե­րէն մէ­կը թեր­թին աշ­խա­տակի­ցին պատ­մած է, թէ քա­նի մը օր առաջ խե­լագա­րուած կին մը եկած ու քար­կո­ծած է խա­նու­թը, հա­ռաչե­լով՝ «Վե­րադար­ձուցէ՛ք իմ զա­ւակս»:

Նախ Թմրամոլ կը Դարձնեն, Ապա` «Ձեզ Պիտի Փրկենք» Ըսելով կը Տանին 

Թղթա­կիցը առի­թը ու­նե­ցած է զրու­ցե­լու ՏԱ­ՀԵՇ-ի շար­քե­րուն միացած եր­կու երի­տասարդնե­րու ծնող­նե­րուն հետ: Ան կը գրէ, թէ ընդհան­րա­պէս այս երի­տասարդնե­րը հա­սարա­կաց յատ­կա­նիշ­ներ ու­նին: Անոնք 18-էն 25 տա­րեկան են, կը պատ­կա­նին կա­րօտեալ ըն­տա­նիք­նե­րու եւ ընդհան­րա­պէս բարդ յա­րաբե­րու­թիւններ ու­նին իրենց ծնող­նե­րուն հետ: Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը ընդհան­րա­պէս գրա­սենեակ­ներ կը բա­նայ պահ­պա­նողա­կան թա­ղամա­սերու մէջ: Վե­րոն­շեալ եր­կու երի­տասարդնե­րէն մէ­կը 7 ամիս է Սու­րիա կը գտնուի, միւ­սը՝ փա­խած է հոն­կէ ու վե­րադար­ձած: Ասոնցմէ առա­ջինին հայ­րը պատ­մած է, թէ իր տղան բնաւ ալ իս­լա­մական կա­նոն­նե­րը կի­րար­կող մը չէր: Մօ­րը մա­հէն ետք ապստամ­բած է: Սկսած է թմրե­ցու­ցիչ գոր­ծա­ծել: «Յե­տոյ սկսաւ նա­մազ (մա­հեմե­տական պաշ­տա­մունք) կա­տարել։ Ապա մեզ ամ­բաստա­նեց որ­պէս ան­հա­ւատ։ Շա­բաթ մը յե­տոյ ան­հե­տացաւ եւ այ­լեւս չվե­րադար­ձաւ։ Իր մեկ­նումին մա­սին տե­ղեկա­ցայ իր ըն­կերնե­րէն։ Տասնհինգ հո­գի միաս­նա­բար մեկ­ներ են։ Աղա­չեցի, որ վե­րադառ­նայ, բայց «ան­կա­րելի է, մենք Ճի­հատի հա­մար հոս եկած ենք» պա­տաս­խա­նեց»,- պատ­մած է անոր հայ­րը:

Միւս երի­տասար­դին հայրն ալ կը պատ­մէ, թէ իր 19ամեայ զա­ւակը յան­կարծ սկսած է նա­մազ կա­տարել, մօ­րուք եր­կա­րել, շալ­վար (լայն տա­բատ, զոր կը հա­գուին Արե­ւել­քի կի­ներն ու այ­րե­րը) հա­գուիլ ու ան­դա­դար կրկնել՝ “կ՚ու­զեմ ապ­րիլ Մո­համ­մէտ մար­գա­րէն»: Սա­կայն, երի­տասար­դին ծնող­նե­րը անդրա­դար­ձած են որ աղօ­թելու հա­մար փո­խանակ մզկիթ եր­թա­լու, ան եւ ըն­կերնե­րը կը հա­ւաքուին շէն­քե­րու ներքնա­յար­կե­րուն հաս­տա­տուած «աղօ­թատե­ղի»նե­րու մէջ: Ապա, երի­տասար­դը ան­հե­տացած է: “Իմա­ցանք, որ Սիւ­րիա գա­ցեր է։ Բայց երբ հոն հա­սեր է, ան փո­խեր է իր որո­շու­մը եւ ու­զեր է վե­րադառ­նալ։ «Ես մարդ սպան­նե­լու հա­մար չեմ եկած հոս, չեմ կրնար» ըսեր է ու փա­խուստի դի­մեր է” պատ­մած է հայ­րը: Ան Habertürk-ի թղթա­կիցին ըսած է, որ Կազ­մա­կեր­պութեան մէկ ճիւ­ղը կը զբա­ղի երի­տասարդնե­րը նախ թմրա­մոլ դարձնե­լու գոր­ծով, այ­նուհե­տեւ կրօ­նական զգա­ցումնե­րը շա­հագոր­ծե­լով զա­նոնք կը հա­մոզէ ու պա­տերազ­մե­լու կը տա­նի:

***

Յու­նիս 18-ի թրքա­կան «Թա­րաֆ» թերթն ալ նոյն նիւ­թին նուիրուած լրատ­ւութիւն մը ու­նի: Հոն կ՚ըսուի, թէ Մու­սուլի թրքա­կան հիւ­պա­տոսա­րանի պաշ­տօ­նէու­թիւնը եւ թուրք վա­րորդներ առե­ւան­գած ՏԱ­ՀԵՇ-ին՝ Թուրքիա վեր­ջին եր­կու տա­րինե­րուն ծա­ռայած է գրե­թէ որ­պէս խա­րիսխ: Թուրքիոյ լրա­հաւաք գոր­ծա­կալու­թեան տե­ղեկագ­րե­րուն հա­մաձայն, 500-էն 750 Թուրքեր միացած են ահա­բեկ­չա­կան այս կազ­մա­կեր­պութեան շար­քե­րուն, որ ծա­նօթ է որ­պէս ալ-Քաիտա­յի մէկ ճիւ­ղը եւ որ­պէս այդ ալ պաշ­տօ­նապէս յայ­տա­րարուած է 2004-ին: Թեր­թը կը գրէ, թէ թռու­ցիկնե­րով ՏԱ­ՀԵՇ զի­նեալ կը հա­ւաքէ Թուրքիոյ մէջ եւ նոյ­նիսկ անոր ի նպաստ դրա­մական հան­գա­նակու­թիւննե­րու ձեռ­նարկուած է: «Թա­րաֆ» կը գրէ նաեւ թէ դար­ձեալ ըստ թրքա­կան լրա­հաւաք գոր­ծա­կալու­թեան տե­ղեկագ­րին, ահա­բեկ­չա­կան այս խմբա­ւորու­մը կրնայ մեծ փոր­ձանք հասցնել Թուրքիոյ գլխուն, Սու­րիոյ եւ Իրա­քի օրի­նակով:

Քեսապի Վրայ Յարձակողները Թուրքիոյ Համար Պաշտօնապէս Ահաբեկիչներ Չեն Այլեւս   

Միւս կող­մէ, «Թա­րաֆ» նոյն օրը «Կա­ռավա­րու­թեան ցնցիչ որո­շու­մը ալ-Նուսրա­յի մա­սին» խո­րագ­րին տակ կու տայ կա­րեւոր այլ լուր մը: Մինչ երկրին լրա­հաւաք գոր­ծա­կալու­թիւնը իր տե­ղեկագ­րին մէջ մտա­հոգու­թիւն կը յայտնէ ՏԱ­ՀԵՇ-ի ներ­կա­յացու­ցած սպառ­նա­լիքէն, նոյնպէս ալ-Քաիտա­յի ճիւ­ղե­րէն «Ալ-Նուսրա­յի Ճա­կատ»ը հա­նած է ահա­բեկ­չա­կան խմբա­ւորումնե­րու իր ցան­կէն: Փո­խարէ­նը, «Արիւ­նով ստո­րագ­րողներ» անու­նը կրող խմբա­ւոր­ման անու­նը աւել­ցուած է նոր ցան­կին մէջ, որու միայն վեր­ջին տե­ղը կը գրա­ւէ ՏԱ­ՀԵՇ-ը: Այսպէ­սով, թրքա­կան կա­ռավա­րու­թիւնը Սու­րիոյ մէջ գոր­ծող ահա­բեկ­չա­կան խմբա­ւորու­մը կը փո­խարի­նէ Մա­լիի, Նի­ժերիոյ եւ Ալ­ժե­րիոյ մէջ գոր­ծող այդ նոր խմբա­ւորու­մով:

Այս առըն­չութեամբ, «Թա­րաֆ» կը յի­շեց­նէ որ ալ-Նուսրա­յի անու­նը վեր­ջին ան­գամ օրա­կար­գի եկած էր Քե­սա­պի վրայ յար­ձակման առթիւ:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up