Նոր Գիւղի Պայթիւններ
Շաբաթ 8 Մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 7։00-ին, Հալէպի ՆորԳիւղ-Պոստան Փաշա խաչմերուկին վրայ երեք պայթիւններ տեղի ունեցան, զինեալ խմբաւորումներ կազի շիշերու վրայ ռումբեր զետեղած եւ արձակած էին խաղաղ բնակչութեան վրայ, որոնք պայթելով մեծ ճնշում եւ նիւթական լուրջ վնասներ պատճառեցին։ Տասը վայրկեան անց՝ ժամը ճիշդ 7։10-ին նոյնանման պայթիւն մը եւս տեղի ունեցաւ ՆորԳիւղի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի կեդրոնական դրան դիմաց։ Տեղւոյն բնակարանները լուրջ վնասներ կրեցին, մարդիկ սարսափահար արթնցան այդ առաւօտ, Ճեմարանի կառոյցը եւս նիւթական վնասներ կրեց։ Բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան։
aztagdaily.com