Անմոռանալի Օրեր Հայաստանի Մէջ. Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլը Կը Գրէ (մաս 6)

Երկու օր առաջ երազիս մէջ տեսած էի Գառնին։ Երբ Վարդան եկաւ զիս հիւրանոցէն առնելու, հարցուց թէ ուր երթալ կ’ուզէի։ Ես հարց տուի թէ երազիս մէջ Գառնին տեսած էի, արդեօք կարելի՞ էր որ հոն երթայինք։ Վարդան սիրով ընդունեց առաջարկս։
Այստեղ կ’ուզեմ ծանօթացնել Պր. Իշխան Զաքարեանի աշխատակից սիրելի Վարդան Գէորգեան, որ իմ Հայաստան կ’եցութեան առաջին օրէն մինչեւ մեկնումի օրս միշտ ընկերակցեցաւ ինծի։ Ան իր շատ սիրելի տիկնոջ Տիկին Արուսիկի հետ ամուսնացեր էր 21 տարեկան հասակին։ Վարդան շատ կը սիրէր իր տիկինը։ Ունէր երկու զաւակներ, որոնք 17 եւ 15 տարեկան էին։
Գառնիէ վերադարձի ճամբուն վրայ Վարդանին հետ ճաշեցինք ու յետոյ հիւրանոց վերադարձայ։ Զգեստս փոխելէ յետոյ ժամը 18։00ին Համահայկական Խաղերու Եգիպտոսի մասնաճիւղի նախագահ Պրն. Պերճ Հալաճեանի առաջարկով գացի Անի հիւրանոց, որպէսզի որպէս դատակազմի անդամ ներկայութիւն բերեմ Համահայկական Խաղերու գեղեցկութեան մրցումին։ Բացի ինձմէ, դատակազմին մաս կը կազմէին Իսթանպուլէն Մաժակ Օհանեան եւ Մելինէ Գովան։ Մրցումի մասնակից աղջիկները իրարմէ գեղեցիկ էին, բայց առաջնութիւնը առաւ Երուսաղէմէն Քրիստին Նաճարեան։ Հոն ինծի հետ հարցազրոյց ըրին Հ2 եւ Արդէ Հոլանտ Թի Վի կայանները։ Մանաւանդ Արդէի հարցազրոյցը բաւական տեւեց։ Յայտագրի հաղորդավար Փօլ Հէկեէման փափաքեցաւ որ երգ մը երգեմ։ Ես ալ երգեցի Կիլիկէան։ Ըսի թէ փակման օրն ալ պիտի երգեմ այդ երգը եւ իրենք ալ շատ ուրախացան։ Փօլ շատ լաւ կը ճանչնար ու կը հաւնէր աշխարհահռչակ Մէրճան Տէտէն։ Երբ ալպոմս նուիրեցի իրեն, ինք տեսնելով Մէրճան Տէտէյի անունը, շատ ուրախացաւ այս հանդիպումին համար։
Վաղը Օփերայի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենար Համահայկական Խաղերու փակման հանդիսութիւնը։ Բայց ես որոշապէս չէի գիտէր թէ փորձ պիտի ըլլա՞ր թէ ոչ, այնուհետեւ Վարդանէն խնդրեցի, որ միասին երթանք Օփերայի հրապարակը ու տեսնենք թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Տեսանք թէ փորձ կար, բայց երգիչ ու երգչուհիներուն փորձը չկար։ Տեղւոյն վրայ հանդիպեցայ Պր. Գագիկ Մանասեանին եւ Սուրէն Ռշտունիին հետ։
Երբ Օփերայի հրապարակը կը գտնուէի հեռաձայնս հնչեց։ Փնտռողը Պրն. Մաժակ Օհանեանն էր։ Ան հարցուց թէ ու՞ր էի եւ ըսաւ թէ իրենք այդ պահուն կը գտնուին Լիբանանեան Ճաշարանի մը մէջ եւ կ’ուզէին, որ ես ալ մասնակցիմ իրենց ճաշկերոյթին։ Ես ալ ընթացք տուի իրենց հրաւէրին եւ ուղղուեցայ դէպի յիշեալ ճաշարանը։ Այնտեղ բազմութիւն եւ մտերմիկ խումբ մը կար։ Ճաշելէ յետոյ, Պրն. Մաժակ տեղւոյն երաժշտութիւնը դադրեցնել տուաւ եւ փափաքեցան, որ ես երգեր երգէի։ Երգեցի եւ գոհացում տուի իրենց փափաքին։
(շարունակելի)
Սկիզբը՝
Մաս 1
Մաս 2
Մաս 3
Մաս 4
Մաս 5
Tert.am